ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այլազան ծրագիրներ ունիք կատարելիք, սակայն զգուշ եղէք, քանի որ անկարելի է ամէնը միատեղ կատարել. կարեւորագոյնէն սկսեցէք, որպէսզի չյոգնիք եւ յաջողութեան աւելի վստահ կրնաք ըլլալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխուժութիւնը ձեզ յաջողութեան պիտի առաջնորդէ: Իմաստութեամբ եւ հանդարտութեամբ կը պարզէք ձեր ծրագիրները: Ձեր գործատէրերը յաճախ ձեր կարծիքին կը դիմեն եւ մեծ վստահութիւն ունին ձեր վրայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը շատ յարմար է ձեր դժուար գործերը կատարելու. ո՛չ մէկ արգելք պիտի ունենաք զանոնք վերջացնելու համար: Ձեր ընտանիքին անդամները նոյնիսկ ձեզ առանձին պիտի ձգեն ձեր աշխատանքը ամբողջացնելու համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Երկար ժամանակէ ի վեր ձեր բարեկամներէն հեռու էք: Այս երեկոյ ձեր վաղեմի եւ նոր ընկերները պիտի հրաւիրէք եւ սեղանի մը շուրջ շատ հաճելի երեկոյ մը պիտի վայելէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այսօր մթնոլորտը կարծէք փոթորկոտ է. հեռու մնացէք ընտանիքին անդամներէն եւ ընկերներէն, որպէսզի կացութիւնը աւելի չվատթարանայ: Հետեւեալ օրը աւելի կը յստականայ եւ աւելի հաճելի կ՛ըլլայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր բարձր տրամադրութիւն ունիք եւ ինչ բանի որ ձեռնարկէք, յաջողութիւն պիտի գտնէք: Ձեր ընկերները նոյնիսկ այսօր աւելի հաճոյք պիտի առնեն ձեզմէ: Օրը համերաշխութեամբ պիտի վերջանայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրը յարմար է կարեւոր գնումներ ընելու համար. սակայն ուշադրութիւն ըրէք դրամատան ձեր գումարին, որպէսզի պարտքերու տակ չմնաք եւ դժուարութիւններ չունենաք: Ձեր խոհեմութիւնը ի գործ դրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այսօր անտրամադիր էք եւ ոչ մէկ քննադատութիւն կ՛ուզէք լսել: Ձեր շրջապատի մարդիկ ուշադիր են, որպէսզի ձեզ չբարկացնեն: Անոնք պիտի սպասեն, որ ձեր տրամադրութիւնը լաւանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ինչո՞ւ համար յոռետես էք, երբ ձեր շուրջը ուրախ կեանք մը կայ եւ սիրուած էք բոլորէն: Լաւ ապրելու ամէն լաւ պայմանները ունիք, ուրեմն գնահատեցէք եւ կատարեալ խաղաղութիւն ունեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ լաւ ընկերութեան մէջ էք, ձեր բարեկամներուն հետ կատարեալ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի. եւ դեռ… շրջահայեաց եղէք, սիրոյ արկածախնդրութիւն մը կը սպասէ ձեզ, որ ձեր ապագան լաւ հիմերու վրայ պիտի դնէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ընտանիքին կամ աշխատանքին մէջ ձեզի անհաճոյ բաներ պիտի պատահին. դուք ալ ձեր կարգին աւելի բարդութիւն մի՛ աւելցնէք. հանդարտութեամբ մօտեցէք հարցին եւ սպասեցէք, որ մթնոլորտը հանդարտի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր աստղերը նպաստաւոր են. աշխատանքի, ընկերութեան կամ ընտանիքի մէջ ուշադրութեան կեդրոնը պիտի ըլլաք, ինչ որ ձեզի մեծ գոհունակութիւն պիտի տայ, եւ պիտի քաջալերուիք: