ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր լաւ պէտք է մտածէք ձեր գործունէութիւնը ճիշդ դասաւորելու համար: Հապճեպ որոշում տալը սխալ է: Խոհեմ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր դժուարութիւն պիտի ունենաք ձեր գործունէութիւնը դասաւորելու, մանաւանդ` ամուսնական կեանքի մէջ, որ ձեր ուզածին պէս չ՛ընթանար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լուսինը եւ արեւը կարելիութիւն պիտի ստեղծեն ձեր գործունէութիւնը կատարելու այնպէս, ինչպէս որ կ՛ուզէք: Ապաւինեցէք ձեր բախտին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեզի մօտիկ անձերը ուշադրութիւնը պիտի ընեն ձեզի մասնաւոր խնամքով: Սէրը ձեզ պիտի ապրեցնէ լաւ զգացումներով: Ինքնավստահ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան յարկի տակ խառնակ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծուի, զիրար հասկնալու դժուարութիւն պիտի ունենաք, իւրաքանչիւրը պիտի պնդէ իր տեսակէտը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անօգուտ է զանոնք փնտռել. սէրը եւ բարեկամութիւնը պիտի գան ձեզի: Կը բաւէ` վատ տրամադրութիւն ցոյց տաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք առեւտուրի վերաբերող գործ մը կատարել, դրամի շուրջ համաձայնութեան եկէք: Այս ամսուան լաւագոյն օրն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր գործունէութեան մէջ հակասութիւն մը պիտի ստեղծուի, որ պիտի ջղայանացնէ ձեզ. ձեր գլխուն մէջ հազար տեսակ հարց կայ լուծելիք, ինչ որ կը բարձրացնէ ձեր արեան ճնշումը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լուսինը եւ արեւը առիթներ պիտի ստեղծեն իրագործելու ձեր որոշումը: Պիտի յաջողիք քանի որ դուք փափաքը չունիք հաշուեյարդար տեսնելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ի՞նչ է ձեր ծրագիրը: Օրը յարմար է բարեկամի մը հետ ժամանակ անցընելու, կամ` անձնական ծրագիրի մը շուրջ համաձայնելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Համբերութեան պակաս ունիք եւ պիտի ստիպէք, որ ձեզի մօտիկ անձ մը հակառակի ձեզի: Այսպիսով վէճի նոր դռներ պիտի բանաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Փոքր տեղափոխութիւն մը կամ հրաւէր մը պիտի ունենաք: Ասիկա լաւ առիթ մը պիտի ըլլայ հեռանալու օրուան ձանձրոյթէն` հաճելի ժամանակ մը անցընելով: