ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Աւելի հանդարտ կշռոյթ մը կիրարկեցէք: Հոգ տարէք ձեր բոյսերուն, որմէ հաճոյք պիտի ստանաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործերուն համար օրը շատ լաւ է, մանաւանդ` առեւտուրի վերաբերեալ, նոյնպէս ապագայի վերաբերեալ ձեր ծրագիրները պիտի յաջողին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ի՛նչ նախաձեռնութիւն որ կատարէք, յաջողութեամբ պիտի պսակուի: Օրը յարմար է նոր ծրագիրներ մշակելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ինչ կը վերաբերի օրուան ձեր աշխատանքին, շատ պիտի գնահատուիք ձեռնհասութեան եւ կարողութեան հմար: Օրը յաջող է:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ամուրի էք, դուրս պիտի ելլէք ձեր վերապահութենէն: Կացութեան փոփոխութիւն մը շատ հաւանական է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անցեալը ձեր երեւակայածէն աւելի սորվեցնելիք ունի ձեզի: Յատուկ ծրագիր մը մշակեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բախտաբեր է օրը անոնց համար, որոնք գործ մը կը փնտռեն: Ձեր պաշտօնական թուղթերը բազմապատկեցէք եւ ներկայացուցէք առ որ անկ է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատանքի լաւ օր մը: Ձեր ներկայութիւնը ցանկալի պիտի ըլլայ գործի թէ ընկերային կեանքին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր շուրջինները պիտի հետեւին ձեր առաջարկներուն` առանց հարցումներ ուղղելու: Ձեր հեղինակութիւնը պիտի արժեւորուի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բախտը փորձեցէք բախտախաղով մը, ձեզի վերապահուած է շատ գեղեցիկ անակնկալ մը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բարեկամութեան ուժը ներել գիտնալու մէջ է: Ոխակալ մի՛ ըլլաք, որպէսզի սիրելի ըլլաք բոլորին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր գոյութիւնը սառած չէ, միշտ սորվելիք բան մը ունիք ձեր շրջապատէն: Այս ձեւով պիտի բարելաւուի ձեր կեանքի ընթացքը:
