ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վեհանձնութիւն ցուցաբերելու տրամադրութիւն պիտի ունենաք, եւ ձեր յարաբերութիւնը ուրիշներու հետ պիտի ըլլայ օգտաշատ: Զուարթ եւ հաճելի օր մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր շուրջը եղած հակասական խօսակցութիւնները գէշ պիտի ազդեն ձեր վրայ, ինչ որ ձեզ պիտի մղէ ունենալու վատ տրամադրութիւն` ձեզի մօտիկ անձերու հանդէպ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առանձնաշնորհեալ օրեր պիտի ապրիք եւ սիրուած պիտի զգաք, ինչպէս նաեւ պիտի արժեւորուիք ձեր հարազատներուն կողմէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ տրամադրուած էք սովորականէն աւելի դրամ ծախսելու, մտածեցէք սահմանը չանցնելու մասին: Բնական ընթացք ունեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դիւրութեամբ ջղայնանալու տրամադրութիւն ունիք, ինչ որ պատճառ պիտի դառնայ վիճելու ձեր շուրջիններուն հետ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ զբաղած էք ձեր աշխատանքով եւ առօրեայ հոգերով: Շատ ընելիքներ պիտի ունենաք ըլլալու համար խոհեմ եւ իրաւացի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լուսինը ձեզ պիտի վերածէ շատ շրջապատուած անձի մը, բարեկամներ, սէր, ընտանիք` բոլորը պիտի մտածեն ձեր մասին եւ պիտի արտայայտուին ձեզի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ որեւէ բան ձեզի հաճոյ չի թուիր, պէտք է որ ըսէք անկեղծօրէն: Ձեր շրջապատին հետ բախումներ կրնաք ունենալ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ամէնքը, ինչպէս` ձեր ընտանիքը եւ բարեկամները, պիտի վիճին ձեզի հետ: Ջանացէք ըլլալ հաւասարակշռուած եւ զուսպ տրամադրութեամբ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ որոշած էք կարգ մը ծախսեր կատարել, մտածեցէք զայն տնտեսելու մասին` նկատի առնելով ձեր նիւթական կացութիւնը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մարդիկ պիտի սաստկացնեն ձեր ջղայնութիւնը, այս քանի մը օրերուն, իսկ դուք պիտի ունենաք փոխադարձելու տրամադրութիւն: Ջանացէք զսպել ձեր ջիղերը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը յարմար է կարեւոր թղթածրար մը դասաւորելու համար, կամ` կարգադրելու նիւթական հարցեր: Ձեզմէ կը պահանջուի ըլլալ խոհեմ եւ համբերատար: