ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի ստանաք լաւ լուր մը, որ կը վերաբերի ձեր կատարելիք յանդուգն աշխատանքին: Կատարեցէք ինչ որ պէտք է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի կարենաք համաձայնիլ ձեր շուրջիններուն հետ. իւրաքանչիւր խօսող պիտի տայ իր կարծիքը եւ փափաքը, որով կարելի պիտի ըլլայ բոլորը գոհացնել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի մէջ յստակ ուղղութիւն պիտի տաք ձեր շուրջիններուն: Մթնոլորտը պիտի ըլլայ ուսանելի եւ իրագործելի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մարզանք կատարելու համար պիտի կարենաք սովորութեան վերածել իւրաքանչիւր մարզափորձ: Այս ընթացքէն շատ գոհ պիտի մնաք ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աթէ հեռանաք ձեր ընտանեկան օճախէն, ձեր հարազատները շատ պիտի կարօտնան ձեզի: Իրարու հետ յարաբերելու ձեւեր գտէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատանքի վայրին մէջ լսելի պիտի ըլլաք բոլորէն: Նկատի պիտի առնուին ձեր դիտողութիւնները, ինչ որ ձեզի համար փոքր յաղթանակ մըն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզ պիտի շնորհաւորեն ձեր կատարած լաւ աշխատանքին համար: Պիտի բարձրանայ ձեր պաշտօնը, եւ պիտի արժանանաք աւելի բարձր գնահատանքի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Քիչ մը սննդականոնի հետեւելով, պիտի կարենաք ձեր մարմինը բարելաւել: Շարունակեցէք այս կենսաձեւը, որպէսզի մնայուն կերպով օգտուիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ճամբու ընկերակից մը ընտրեցէք անձ մը, որուն կը վստահիք: Ասիկա մեծ բախտ մը նկատեցէք: Վստահութիւն ունեցէք ձեզի մօտիկ այս սիրելի անձին նկատմամբ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բարեկամներով աշխատիլը մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ, եւ աշխատանքը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուրիշներուն դիտողութիւնները նկատի պիտի առնէք այսօր: Պիտի տեսնէք, այս վերաբերումը լաւ արդիւնք պիտի տայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գիտցէք ճիշդ եւ պատշաճ կերպով դրսեւորել ձեր յուզումները ձեր շուրջիններուն հետ յարաբերելու միջոցին: Ուշադիր եղէք ձեր խօսքերուն, անոնք կրնան ծանր կշռել:
