Այլազան

Փիղերուն Գաղտնի Կարողութիւնը

Փիղերուն Գաղտնի Կարողութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Պատուհանը բաց, աչքերդ դէպի երկինք ուղղէ եւ ամպերը ուսումնասիրէ: Դուն որքան կեդրոնանաս, ականջ դնես, պիտի չլսես տեղափոխուելու ընթացքին անոնց յառաջացուցած ձայնը: Սակայն փիղերը ունին այս արտակարգ կարողութիւնը: Ամպերուն Մէջ Ձայնե՞ր Իրականութեան մէջ շատ ճիշդ չէ խօսիլ «ձայնի» մասին ամպերուն շարժումին պարագային: Այս «ձայները» շատ ցած եւ թաւ թրթռացումներ են (ինֆրասաունտ, ենթաձայն), որոնք մարդկային ականջը չի կրնար...

50 Տարի Առաջ (14 Մայիս 1966)

Խմբագրական Քաղաքական Աքթը Մեր այսօրուան թիւով կը հրատարակենք ամբողջական պատճէնը այն յուշագրին, զոր Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը, մարտ 17-ին հանգամանօրէն յանձնեց Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութեան Քաղաքական գրասենեակի պետին, հայ ժողովուրդին անունով եւ Հայ դատին արդար լուծում մը գտնելու ակնկալութեամբ: Վերջին տասնամեակներու մեր տարեգրութեանց մէջ, միջազգային կազմակերպութեան մը խողովակով, առաջին անգամ է, որ քաղաքական աքթ մը կը գործուի հայութեան անունով: Փաստական...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ուշադիր եղէք տնային արկածներէն, հեռու մնացէք ձեռային աշխատանքներէն, ինչպէս նաեւ` պարտէզի մէջ աշխատելէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր կեանքին մէջ քիչ մը վիպային տրամադրութիւն ստեղծեցէք: Մի՛ վախնաք հինէն կիրարկուած խաղերը որդեգրելու: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր տրամադրութիւնը պիտի խանգարուի անիմաստ հարցերով: Հեռու մնացէք շատախօս անձերէ, որպէսզի զուր տեղ չխանգարուիք: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23...

50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1966)

Մեր Մամուլը Արմենիա Նոր Ուժերու Պէտք Ունինք Հայ տաղանդը փայլեցաւ մտաւորական բազմաթիւ մարզերու մէջ: Ունինք ճարտարապետներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ եւ ընկերային գիտութեանց վկայականով զինուած համալսարանականներ ամէն կողմ: Չունինք, սակայն, լրագրական բարձր խաւերու կապուած որակեալ դէմքեր: Հրապարակագրութեան պէս եւ աւելի չունինք նաեւ զուտ գրականութեամբ զբաղող երիտասարդ անուններ: Չենք կարծեր, որ ամէն ասպարէզի մէջ ընդունակ ուժեր հասցնող հայութեան կը պակսի գրական հակումներով սերունդ:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կը փափաքիք շաբաթավերջին մարզանք կատարել, բայց մարզանքին ո՞ր ձեւը պիտի ընտրէք: Կատարեցէք ձեր նախասիրածը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Օրը յարմար չէ ընտանեկան հարցերը կարգադրելու: Կարելի եղած չափով լաւագոյն ձեւը նախընտրեցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Երեխաներուն հետ ջանացէք յարմարիլ` ըստ անոնց փափաքին: Օրը ունի նոր աշխատանքներ, յարմարեցէք զանոնք իրագործելու: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)...

Մայրերուն Նուիրուած Գեղեցիկ Արձաններ

Մայրերուն Նուիրուած Գեղեցիկ Արձաններ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Զրկանք կրել, հոգս են տարել այս ձեռքերը Ծով լռութեամբ, Համբերութեամբ... Պ. Սեւակ   Մայրս փոքրիկ, մայրս խեղճ, Մայրս մի մայր հասարակ, Մայրս այս մայր երկրի մէջ, Արեւի դէմ մի ճրագ: Յ. Շիրազ   Ա՜խ քո տեսքին, անուշ լեզուին Կարօտել եմ, մայրի՛կ ջան. Երնէ՜կ, երնէ՜կ, երազ լինեմ, Թըռնիմ մօտդ, մայրի՜կ ջան... Ա. Իսահակեան   Դու իմ միակն էիր,...

50 Տարի Առաջ (12 Մայիս 1966)

Խմբագրական Ժողովուրդի Հարազատ Զաւակը (Վրթանէս Փափազեանի Ծննդեան 100-Ամեակին Առիթով) Պատկերացուցէք պահ մը 1890-ական թուականներու հայ կեանքը: Այդ կեանքին առանցքը կազմող Արեւմտեան Հայաստանը: Թրքական արիւնոտ բռնապետութիւնը: Հայ գիւղացիութեան եղերական ճակատագիրը: Յեղափոխական տարերային խմորումները: Հայ ժողովուրդի մահու եւ կենաց գօտեմարտը իր դարաւոր ոսոխին դէմ: Երկունքի մէջ է հայ կեանքը: Վերահաս փոթորիկներու, անհաւասար մաքառումներու, յոյսի ու յուսախաբութեան, արիւնոտ նախճիրներու եւ ազատութեան մօտալուտ արշալոյսներու հեռանկարները...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Մայիսեան այս օրը շատ պիտի սիրէք, պիտի կարենաք ձեր որոշած բոլոր հարցերը կարգադրել լաւ ձեւով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Քիչ մը կարօտը ունիք անցեալին: Կարեւորը ներկայի եւ ապագայի մասին մտածելն է: Անցեալը շատ մի՛ գրգռէք, եթէ տխուր բաներ կան: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ընտանիքի անդամները ներկայ պիտի ըլլան այսօր ձեր քով: Կարիքի պարագային...

50 Տարի Առաջ (11 Մայիս 1966)

Խմբագրական Զուր Ճիգ (Թրքական «Ինքնապաշտպանութիւն») Անողոք է պատմութեան դատավճիռը թուրք ցեղասպաններուն դէմ: Պիտի չուշանայ նաեւ միջազգային արդարութեան դատավճիռը, որ նուազ դաժան ու անողոք պիտի չըլլայ, անտարակոյս: Եւ դերերը հիմնովին շրջուած են հիմա: Եթէ երէկ թուրքը, քաղաքական, աշխարհագրական, ռազմական եւ ա՛յլ մեծապէս նպաստաւոր պայմաններու (բացառաբար իրե՛ն համար) բերումով յարձակողական դիրքի վրայ էր հայ ժողովուրդի նկատմամբ, այսօր, պատմութեան մէջ իր նմանը չունեցող...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յանցանք մը կը ներէք, դուք ալ նոյն ձեւով ներողութիւն կը ստանաք: Այս ոգիով շարունակեցէք ձեր գործը: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր զաւակները ձեզի համար անակնկալներ պիտի պատրաստեն: Ձեր զարմանքը զանոնք պիտի ուրախացնէ: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Աշխատանք եւ մի՛շտ աշխատանք: Ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, պիտի չդժգոհիք: Շարունակեցէք աշխատիլ: ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)...

50 Տարի Առաջ (10 Մայիս 1966)

Շարլ Ազնաւուր Թուրք Լրագրողի Մը Ակնոցով Թուրք լրագրող Ֆերաս Գահրաման «Միլլիյէթ»-ի մէջ «Ընկերս Ազնաւուր» խորագրով յօդուածաշարքի մը մէջ կը գրէ. Օր մը Ազնաւուր եւ ծանօթ երգչուհի Էւլին Փլեսիս զիս հրաւիրեցին Մոնմարթի իրենց բնակարանը` քանի մը գաւաթ խմելու համար: Երբ ներս մտանք տունէն, Էւլին խոհանոց անցաւ, իսկ Ազնաւուր շիշ մը գինի բացաւ: Երբ գաւաթը կը լեցնէր, ըսաւ. - Ձեզի համար ապուխտ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ինչ կը վերաբերի ձեր պիւտճէին, այս կապակցութեամբ գէշ լուր մը պիտի լսէք: Մի՛ նեղանաք, հարցը պիտի կարգադրուի շուտով: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մի՛ փորձէք մրցիլ ուրիշներու հետ, պարզօրէն պիտի կարենաք կարգադրել ձեր առջեւ դրուած հարցերը` առանց նախանձի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Լաւ սովորութեան մը պիտի ձեռնարկէք, եւ կարգ մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

«Ազդակ»-ի երկուշաբթի, 9 մայիսի թիւին հրատարակութեան մասնակցելով, Տիար Արմէն Սէֆէրեան 400$ Ազգային մը 200$

50 Տարի Առաջ (6 Մայիս 1966)

Խմբագրական Անընկճելի Ոգին (Նահատակաց Տօնին Առիթով) Յիսուն տարի առաջ էր: 1916 մայիս 6-ին քսաներկու կախաղաններ կը բարձրանային Պէյրութի եւ Դամասկոսի կեդրոնական հրապարակներուն վրայ եւ արաբ ժողովուրդի ամէնէն ընտիր զաւակները դէպի մահ կ՛առաջնորդուէին թուրք ցեղասպաններուն կողմէ` առանց կրօնական ու քաղաքական խտրութեան: Այս ձեւով թուրք դահիճները կը փորձէին ընկճել անընկճելին, կը ջանային ազատութեան ոգին սպաննել արաբ ժողովուրդներուն մէջ, որոնք դարերու անցեալ եւ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր քիչ մը դուք ձեզմով զբաղեցէք, որպէսզի կարգ մը աշխատանքներ իրագործէք: Մի՛ վարանիք, պիտի յաջողիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեզի ստիպողական աշխատանք կը ներկայացնեն, բայց դուք պիտի կարենաք իրագործել, թէեւ` քիչ մը դժուարութեամբ: Հանդարտ եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ կը կարծէք, որ թեթեւ տկարութիւն մը ունիք, հանդարտ մնացէք, ուշադիր եղէք ձեր ուտելիքներուն...

Տօներ, Աւանդութիւններ.  Համբարձում

Տօներ, Աւանդութիւններ. Համբարձում

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ   Զատիկէն ճիշդ քառասուն օր ետք կը նշուի Համբարձման, կամ ինչպէս ոմանք կը կոչեն, վիճակի կամ կաթնապուրի տօնը: Անիկա Քրիստոսի յարութիւն առնելէն ետք երկրի վրայ քառասուն օր շրջելու եւ ապա երկինք համբառնալու պատկերացումն է քրիստոնէական տօնացոյցի մէջ: Համբարձումը շարժական տօն է, ամէն տարի տարբեր թուականի կը նշուի, սակայն ան միշտ կը զուգադիպի հինգշաբթի օրուան, իսկ հանդիսութիւնները կը...

50 Տարի Առաջ (25 Մայիս 1966)

Հայ Կեանք ՀՅԴ 75-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Նիւ Պրիթընի Մէջ Նիւ Պրիթընի մէջ տպաւորիչ հանդիսութեամբ տօնակատարուած է ՀՅԴ 75-ամեակը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 48-ամեակը: Նախագահած է Տաթեւ քահանայ: Ատենապետած է Տիգրան Սարգիսեան: Գործադրուած է օրուան պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը: Բանախօսած է Մինաս Թէօլէօլեան, որ հիմնական գիծերու մէջ ներկայացուցած է Դաշնակցութեան  75 տարիներու իրագործումները եւ ներկայի ու ապագայի առաքելութիւնը: «Կոմիտաս» Երգչախումբին Համերգը Պոսթընի «Կոմիտաս»...

50 Տարի Առաջ (5 Մայիս 1966)

Խմբագրական Շինարար Ոգիով Ծանօթ իրողութիւն է, որ հայ մարդուն մէջ զօրաւոր է քննադատութեան ոգին: Ճշմարտութիւն է նոյնպէս, որ քննադատութիւնը առաջատար ազդակ մըն է հանրային կեանքի մէջ ընդհանրապէս: Սակայն քննադատութիւնը պէտք է տեղի ունենայ` շինարար ոգիով, դրական մտահոգութիւններէ մեկնելով եւ մտաւորական ամբողջական պարկեշտութեամբ: Այլապէս քննադատութիւնը, առաւե՛լ եւս` քննադատը, կը դադրի դրական ազդակ մը ըլլալէ եւ կը դառնայ հիւանդագին երեւոյթ: Քննադատութեան նպատակը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Այսօր շարժուն օր մը պիտի ըլլայ, սակայն ձեզի կը մնայ ամէն ինչ դասաւորել եւ կշռադատել: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի յարգէք ընտանեկան աւանդութիւն մը, որ ձեր բոլորը իրարու քով պիտի հաւաքէ հաճելի առիթով մը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Այսօր հանգիստի եւ տօնական օր մըն է` առանց մտահոգութեան ապրելու համար: Միացէք նաեւ ձեր բարեկամներուն:...

Page 312 of 361 1 … 311 312 313 … 361

Արխիւներ