ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ինչ կը վերաբերի ձեր պիւտճէին, այս կապակցութեամբ գէշ լուր մը պիտի լսէք: Մի՛ նեղանաք, հարցը պիտի կարգադրուի շուտով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ փորձէք մրցիլ ուրիշներու հետ, պարզօրէն պիտի կարենաք կարգադրել ձեր առջեւ դրուած հարցերը` առանց նախանձի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ սովորութեան մը պիտի ձեռնարկէք, եւ կարգ մը հարցեր, որոնք կը վերաբերին ձեր բարոյականին, պիտի ընթանան դիւրութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ոմանց համար առաջին նայուածքով սիրահարութիւն կը ստեղծուի, իսկ ուրիշներու համար հարցը երկար մտածելու առիթ կու տայ: Դուք ո՞ր մէկ տեսակէն էք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Թոյլ տուէք, որ ձեզի մօտիկ անձեր առանց ձեր օգնութեան իրենց գործերը կատարեն: Ամէն կողմ նոյն ատեն չէք կրնար ըլլալ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր խօսքերը կշռեցէք դժուար եւ անյարմար պարագայի մը մէջ: Ամէն տեղ արտայայտուիլը յարմար չէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ տնտեսուածը ոչինչ բաներու համար սպառի: Խնայողութեան մասին մտածեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ ստիպուած էք պահանջելու կարեւոր հարց մը ոեւէ մէկէ, օգտագործեցէք ձեր ամբողջ հմայքը: Օրը պիտի օգնէ ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մարտունակ բնաւորութիւն մը ունիք. Թոյլ պիտի չտաք, որ ոեւէ մէկը ինքզինք պարտադրէ ձեզի: Ինքնավստահ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեզի լաւ ծանօթ բարեկամներու միջեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւն մը պիտի յանգի լաւ աւարտի: Պիտի կարենաք ապաւինիլ ձեր խօսակիցներուն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի կարենաք նկատի առնուիլ ձեր աշխատանքին մէջ: Ձեր գործունէութեամբ պիտի հասկցուիք ձեր շուրջիններէն եւ պիտի գոհանաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ընթերցումը ձեզ պիտի հանդարտեցնէ: Ընտրեցէք օգտաշատ գիրքեր` բարոյախօսութեամբ յագեցած: Պիտի օգտուիք: