ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ուշադիր եղէք տնային արկածներէն, հեռու մնացէք ձեռային աշխատանքներէն, ինչպէս նաեւ` պարտէզի մէջ աշխատելէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կեանքին մէջ քիչ մը վիպային տրամադրութիւն ստեղծեցէք: Մի՛ վախնաք հինէն կիրարկուած խաղերը որդեգրելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի խանգարուի անիմաստ հարցերով: Հեռու մնացէք շատախօս անձերէ, որպէսզի զուր տեղ չխանգարուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աւելի դիւանագէտ եղէք, ձեր խօսակիցները կարիքը ունին ապահով զգալու ձեր խօսքերէն: Օրը ունի յարմար առիթներ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր զաւակները դաստիարակելու տեսակէտէն, կարելիութիւնը չունիք պէտք եղածը կատարելու: Պէտք է դիմէք մանկավարժի մը խորհուրդին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր անձնական շնորհքին վերաբերեալ առաւելութիւնը, ինչպէս` խօսակիցը հմայելը, ոչ ոքի նեղութիւն չի պատճառեր: Կատարեցէք ձեր ուզածը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզի մօտիկ անձերու դիմաց շատ պարտականութիւններ մի՛ ստանձնէք, ըլլան անոնք երիտասարդ կամ տարեց:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նոյնիսկ բարեկամները կրնան ակամայ իրարու վնաս հասցնել: Ջանացէք հաւատարմութեամբ հետեւիլ` ձեր բարեկամութիւնը պահպանելու համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ փորձէք պատասխանել ձեզի ուղղուած բոլոր հարցումներուն: Ձեր տրամաբանութիւնը գործի մղեցէք, որպսէզի փրկուիք ձախող զրոյցէ մը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հետաքրքրուեցէք ամէն ինչով, ձեր ծանօթութիւնները ընդարձակեցէք` հետաքրքրուելով օտար մշակոյթով եւ գիտելիքներով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օրը հիանալի է, ամէն նախաձեռնութիւն պիտի յաջողի, ականջ մի՛ կախէք ուրիշներէն լսուած անմիաստ խօսքերուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Բարեկամ մը անզգալաբար ձեզ պիտի վիրաւորէ. կարեւորութիւն մի՛ տաք, միջոց մը պահեցէք ձեր եւ իր միջեւ, որպէսզի խուսափիք անախորժ պատահարէ:
