50 Տարի Առաջ (17 Մայիս 1967)
Մանուէլ Մելենկիչեանի Յաջողութիւնը Լիբանանահայ երգիչ Մանուէլ Մելենկիչեան, որ տարի մը առաջ Ֆրանսա մեկնեցաւ` իբրեւ «Լիբանանի Ազնաւուրը», մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է Փարիզի մէջ: Մելենկիչեան կ՛երգէ «Fare well to Lebanon» ժապաւէնին մէջ, որ ներկայիս կը ցուցադրուի «Սթարքօ» եւ «Մեթրոփոլ» շարժանկարի սրահներուն մէջ: Մելենկիչեան իր նոր երգը` «Թու նայթ թու նայթ» կ՛երգէ անգլերէն: Հայկական Ձեռագիր Մը Կը Ծախուի Վերսայի Մէջ Փարիզի մեր պաշտօնակից...






