ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ ձեր տնտեսական վիճակը բարեւալուի, անմիջապէս մի՛ վազէք գնումներ կատարելու: Ձեր դրամին արժէքը գիտցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամէն ինչ քննարկել մի՛ փորձէք. թոյլ տուէք, որ ուրիշեր ըսեն իրենց կարծիքը: Ինքնագլուխ մի՛ աշխատիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը երկար պիտի ըլլայ, տնային գործեր կատարեցէք, պէտք է որ տոկալու կարողութիւն ցոյց տաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այն տպաւորութիւնը ունիք, որ կարծէք մարաթոնի կը մասնակցիք, այնքան որ տարուած էք ուրիշ հարցերով: Քիչ մը կեդրոնացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Վատ տրամադրութիւն ունիք, հարցեր պիտի դիմագրաւէք, այսպիսի հարցեր պիտի նեղացնեն ձեզ: Օրը պիտի ըլլայ ձանձրացուցիչ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ մեծ ծանրութիւն պիտի զգաք, պատճառը այն է, որ բաւարար շարժում չէք ըներ: Պէտք է մարզանք ընէք կամ քալէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դրամատունէն պիտի լսէք անհաճոյ տեղեկութիւններ, ինչ որ պիտի քանդէ ձեր տրամադրութիւնը: Այսպիսով, ձեր օրը պիտի խանգարուի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր նկարագիրը պիտի հրապուրէ. դուք նեղութիւն պիտի չզգաք` լսելու նոր խօսքեր: Ընդհանուր առմամբ հաճելի օր մը պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի չկրնաք մեղադրել երեխայ մը, որ անկեղծօրէն կը խօսի: Պէտք է գիտնաք անոր տրամադրութեան չափը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բարեկամական գործունէութիւն պիտի ունենաք, շրջապատուած պիտի ըլլաք լաւ անձերով եւ առաւել ոչինչ պիտի խնդրէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վիճելու տրամադրութիւնը չունիք, ուրեմն ճիշդ ժամանակն է հանդարտ մնալու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օտար լեզու մը սորվիլը շատ օգտակար է, մանաւանդ` յիշողութիւնը զարգացնելու համար: Օրուան ընթացքին պիտի կատարէք օգտակար աշխատանք: