ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անձի մը նկատմամբ կասկած ունիք, թէ ան վստահելի մէկը չէ: Կասկածամիտ մի՛ ըլլաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Թոյլ տուէք, որ ձեզ առաջնորդէ լաւ բարեկամ մը: Վստահութիւն ունեցէք անոր վրայ, քանի որ ան բարի անձ մըն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Իւրաքանչիւր անձ պէտք է որ իր ազատութիւններու սահմանին մէջ մնայ: Երբեմն դուք հրամայող էք, ինչ որ կը վնասէ բարեկամութեան:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր զգեստները դասաւորեցէք: Ունիք հագուստներ, որոնք երկար ատենէ չէք հագած, սակայն ատոնք լաւ պահեցէք, կրնաք օր մը պէտք ունենալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մարզական ձեր կատարումները ողջունելի են: Պէտք է ըսել, որ դուք շատ լաւ մարզուած էք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մելամաղձոտ տրամադրութիւն ունիք: Ձեր ներաշխարհին հետ համերաշխ եղէք եւ կասկածները հեռացուցէք ձեզմէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Իտէալ օր մըն է` ընտանեօք քալելու եւ մարզական այլ խաղեր կազմակերպելու: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք բաւարար սնունդով եւ մարզանքով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դուք շատ հաճոյք կ՛առնէք խոհանոցային աշխատանքէն` ճաշ պատրաստելով ձեզի եւ ուրիշներուն համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը ոչինչ կ՛արժէ ձեզի համար, նոյն բանը կ՛ըսեն ամէնքը: Բայց պէտք է գիտնաք, որ օրերը կը տարբերին իրարմէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ շատ յոգնած էք, պատճառը այն է, որ շատ չէք խնդար: Բարձրաձայն խնդացէք, որպէսզի ձեր մկանները աշխուժանան եւ օգտակար ըլլան ձեր առողջութեան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ կանաչեղէնով սննդականոնի կը հետեւիք, ականջ տուէք բժիշկի խորհուրդներուն` խուսափելու համար կարգ մը կենսանիւթերու պակասէն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցէք ձեզի համար, որմէ շատ պիտի օգտուիք եւ աւելի լաւ պիտի զգաք: