ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անակնկալ շահ մը պիտի ունենաք: Այս գումարը պիտի գոցէ ձեր չնախատեսուած ծախսերը: Շատ ուրախ պիտի մնաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հասկացողութիւն մը ընդունիլը վնասակար չէ: Հասարակաց լուծում մը խնդրելը միշտ նախընտրելի է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր ճաշացուցակը, եւ ձեր քունի ժամերը: Այս ընելով` շատ պիտի օգտուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սէրը եւ քաղցրութիւնը կարեւոր դեր կը կատարեն ձեր կեանքին մէջ: Սակայն լաւ հակեցէք ձեր զգացումներուն վրայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ուշադիր եղէք արեւէն եւ անոր պատճառած անհանգստութենէն: Ձեր մորթը պէտք է լաւ պաշտպանել` չվնասելու համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գրելը հոգեփոխիչ ազդեցութիւն ունի, որ ձեզի մեծ բարիք պիտի պատճառէ: Հետեւեցէք այս կանոնին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Սքանչելի ժամանակաշրջան մըն է աշխատանքի համար: Ամբողջութեամբ պիտի համաձայնիք ձեզի առաջարկուած գործերուն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հարուստ ժամանակաշրջան մըն է «կարիճ»-ներու համար: Ձեր գործերը լաւ ճամբու վրայ դրէք եւ գծեցէք ձեր ծրագիրը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Վճռական քայլ մը պիտի առնէք յարաբերութեան մը մէջ եւ պիտի որոշէք ձեր առնելիք քայլերը` մեծ վստահութեամբ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ո՞վ չունի դժուարութիւններ իր աշխատանքին մէջ: Լաւատես եղէք եւ ինքնավստահ: Ամէն ինչ կը կարգադրուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նկատի առէք ձեր տարբերութիւնը ինչ որ մեծ բան մը չէ. դուք ուրիշներուն ըրածը չէք ըներ: Ինքնավստահ էք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ լաւ գիրք մը կարդաք պիտի կատարէք այն, ինչ որ հեղինակը գրած է: