ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ծրագիրներուն մասին պիտի խօսիք ձեր բարեկամներուն հետ, ինչպէս նաեւ` ձեր փափաքներուն մասին եւ դուք ձեզ առանձին պիտի չզգաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խումբի մէջ վատ մթնոլորտ մը կը տիրէ, ընտանիքը, բարեկամները, դրացիները, ընկերային յարաբերութիւն` բոլորն ալ դժուար կացութեան պիտի մատնուին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Գործի մէջ դժուարութիւն պիտի ունենաք: Նման հարցեր անցողակի են: Համբերող եղէք, ամէն ինչ կը շտկուի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Զգացական մարզի մէջ շատ կախեալ էք ձեզի մօտիկ անձերէն: Ջանացէք այս մթնոլորտը փարատել ձեր ազնիւ վերաբերումով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ ինքնաշարժ պիտի վարէք, ուշադիր եղէք եւ անխոհեմութիւն մի՛ ընէք: Կարեւոր է կեդրոնացած վարել ինքնաշարժը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օգնեցէք ուրիշներուն, որպէսզի կարենան արտայայտել իրենց զգացածը: Ասիկա ձեր կողմէ բարի տրամադրութիւն պիտի ըլլայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Անոնք, որոնք ձեզ կը սիրեն, կ՛ուզեն գիտնալ, թէ դուք լաւ վիճակի մէ՞ջ էք: Ջանացէք զանոնք գոհացնել դրական պատասխանով:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ եռանդուն էք եւ ձեր եռանդը պիտի պահէք յառաջիկայ օրերուն եւս` ամենայն ուրախութեամբ: Ձեր ընկերակցութիւնը պիտի գնահատուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ ընելիքներ ունիք, պէտք է ուրիշներ ալ գիտնան իրենց ընելիքը: Պիտի կարենաք ձեր որոշումները իրագործել հանդարտութեամբ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պաշտօնի կազմաւորման համար դիմում մը կատարեցէք, որուն արժանի էք: Ձեր ծրագիրը պիտի յաջողի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր աշխատանքի գործունէութիւնը պիտի դանդաղի այս օրերուն: Ոմանց համար պարտադրուած այս դադարը կարեւոր է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ոմանք ձեզի հանդէպ շատ նպաստաւոր պայմաններ պիտի ստեղծեն եւ պիտի օգնեն ձեզի: Պիտի զգացուիք