ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ փնտռուած անձ մըն էք: Ամէն կողմէ սիրուած էք, հմայք մը ունիք եւ ձեր շուրջինները պիտի գերէք ձեր քաշողականութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Առիթէն օգտուելով ճշդեցէք ձեր հաշիւները: Ձեր դարակները եւ թուղթերը կարգի բերէք, ինչ որ միշտ օգտակար է ձեզի համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կան թիւրիմացութիւններ զոյգերու միչեւ, անհամաձայնութիւններ ձեր շուրջիններուն հետ, սակայն առանց ջղայնանալու այդ բոլորը պիտի կարգադրուին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Առիթ պիտի ունենաք ձեր յոգնութիւնը թօթափելու, եւ հանգիստի համար ժամանակ պիտի տրամադրէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հաճելի հրաւէրներ, բարեկամական կամ սիրոյ վկայութիւններ պիտի շրջապատեն ձեզ: Ձեզ պիտի սիրեն եւ պիտի արտայայտուին այս մասին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ոմանք շատ մտահոգ պիտի ըլլան ընտանեկան հարցերով, իսկ ուրիշներ ալ պիտի զբաղին իրենց աշխատանքային հարցերով:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Յայտագիրի վրայ ունիք գեղեցիկ օր, սիրալիր յարաբերութիւն շրջանակին հետ, եւ օրը պիտի անցնի ուրախ տրամադրութեամբ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ շատ ծախսեր ունիք, պէտք է անդրադառնաք ու աւելի խոհեմ ըլլաք եւ ուշադիր գտնուիք ձեր ծախսերուն մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ջղային էք, հեղինակաւոր կեցուածքի տէր եւ տրամադիր չէք ուրիշներուն հակասութիւններուն ականջ տալու: Տրամադրութիւնը ունիք դիւրութեամբ տիրապետելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դիմակալելով կացութիւն մը, պիտի կարենաք խաղաղութեամբ ապրիլ, առանց վախնալու մոլորակներէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Երեք օրեր պիտի անցընէք շատ հաճելի տրամադրութեամբ: Բարեկամ, սէր, փոքրեր, կենդանիներ, բոլոր անոնց, զորս դուք կը սիրէք: Անոնք ալ ձեզ պիտի սիրեն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի դիմագրաւէք դժուարին վիճակ մը, ըլլայ ձեր գործին կամ անձնական կեանքին մէջ` ինչ որ կրնայ առիթ տալ հարցեր ստեղծելու:
