Այլազան

50 Տարի Առաջ (8 Յուլիս 1967)

Խմբագրական  Հայասպանութիւնը (Մեթր Մուսա Փրենսի Խիզախ Նախաձեռնութեան Առիթով) Անցեալ երեքշաբթի հաղորդած էինք, որ յուլիս 10-14 Փարիզի Արդարութեան պալատին մէջ եւ Ֆրանսայի արդարութեան նախարարին հովանաւորութեամբ, պիտի գումարուի ցեղասպանութեան նախազգուշութեան համագումարը: Այս համագումարին պիտի մասնակցին բազմաթիւ երկիրներէ եկած ականաւոր իրաւագէտներ, բժիշկներ, փիլիսոփաներ եւ փաստաբաններ: Լիբանանէն պիտի մասնակցի ծանօթ իրաւաբան, ոճրային եւ ընդհանրապէս ցեղասպանութեան հարցերու մասնագէտ մեթր Մուսա Ֆրենս, որ ունի իրաւաբանական մեծարժէք...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Յաճախ մրցակցութիւններ կան ձեր աշխատավայրին մէջ, ինչ որ ձեզ կ՛անհանգստացնէ: Դուք պէտք չէ կարեւորութիւն տաք եւ ձեր գործը լրջօրէն պէտք է շարունակէք: Աւելի հանգիստ կը զգաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Երկար ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք: Ձեր աստղը փայլուն է: Կատարեցէք ձեր փափաքը: Այս ճամբորդութիւնը ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ, եւ դուք ամէն բան պայծառ...

50 Տարի Առաջ (7 Յուլիս 1967)

Ու Ես Կ՛երթամ... Խաչի Ճամբուն Վրայ 25 մարտ 1967, շաբաթ: Տիգրանակերտէն Էլազիկ շոգեկառքով եկանք: Ճամբորդութիւնը չափազանց նեղացուցիչ անցաւ. ճամբաներն ու տեսարանները ծանօթ էին: Օդը ցուրտ էր: Երբեմն ձիւն, երբեմն ալ անձրեւ կը տեղար: Այսօր շաբաթ է: Երեկոյին ճրագալոյց է, արարողութիւն կատարելու հնարաւորութիւն չունինք, որովհետեւ թէ՛ եկեղեցի չունինք եւ թէ չենք կրցած պատրաստուիլ: Հազիւ յաջորդ օրուան Զատիկի արարողութիւնները կատարելու համար կը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ձեր աշխատավայրին մէջ կարգ մը անձեր հակառակ դիրքեր պիտի ունենան ձեզի հանդէպ: Դուք ձեր պաղարիւնութեամբ բոլոր դժուարութիւնները պիտի լուծէք եւ հաւանաբար պաշտօնի բարձրացում ունենաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Այսօր պարտքի տրուած եւ մոռցուած գումար մը պիտի ստանաք, ինչ որ պիտի բարելաւէ ձեր կացութիւնը. նոյնպէս` հեռաւոր տեղէ եկած բարեկամ մը պիտի տեսնէք եւ ուրախ երեկոյ...

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Պատրաստեց ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ «Ի՞նչ տեսաք առաջին հերթին». պատասխանեցէք այս շատ պարզ հարցումին եւ իմացէք, թէ ո՛վ էք դուք... - Եթէ  առաջին հերթին պայթում տեսաք, կը նշանակէ, որ ձեր երեւակայութիւնը չափազանց զարգացած է: Դուք շատ ստեղծագործ անձ էք. մեծ յաջողութիւն կրնաք գտնել նորաձեւութեան աշխարհին մէջ` որպէս ոճաբան: Արուեստները եւս ձեր սրտին կը խօսին. ժամանակն է, որ ձեր մէջէն դուրս հանէք այս...

50 Տարի Առաջ (6 Յուլիս 1967)

Վնասակար Բաներ  Մինչ Մէկուն Կը Յարմարի... - Ի՞նչ ընեմ, կը խրատեմ, կը պատժեմ: Հայրը երբ ծեծելու սկսի, ուղղակի կ՛արիւնէ: Կրկին ընելիքը կ՛ընէ: Շուարած եմ, դո՞ւք ինչ խորհուրդ կու տաք: - Նուէր կը խոստանաք, ուզածը աւելիով կու տաք, բան մը պակաս չենք ձգեր, կը մնայ եղածին պէս: Արդէն նիհար է, բան չ՛ուտեր, պատժուելու չի գար... Մէկը խստութեան, միւսը ներողամտութեան օրէնքը կը...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պզտիկ անակնկալներ ուրախութիւն կը պատճառեն ձեզի. սակայն այս վերջինը պզտիկ չէ: Դրամական կարեւոր գումարի մը տէր պիտի ըլլաք, ժառանգ մը կամ վիճակահանութիւն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Նոր գործի մը ձեռնարկած էք, ինչ որ կը ճնշէ ձեր վրայ: Պաղարիւնութեամբ ամէն  ինչ կը կարգադրուի: Արդէն յաջողութեան բանալին ձեր ձեռքը առած էք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)...

50 Տարի Առաջ (5 Յուլիս 1967)

70.000 Տոլար Հաւաքուած Է Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց Եկեղեցւոյ Եւ Հայ Կեդրոնի Շինութեան Համար Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ եւ Հայ կեդրոնի շինութեան ի նպաստ տեղի ունեցած ճաշկերոյթ-հանգանակութիւնը պսակուած է փայլուն յաջողութեամբ: Տեղւոյն վրայ հաւաքուած է աւելի քան 70 հազար տոլար: Ճաշկերոյթին նախագահած է առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան: Ատենապետած է Հայ կրթական հիմնարկութեան քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան: Խօսք առած են Ազգ. վարչութեան ատենապետ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ճամբորդութիւն մը կը կազմակերպէք. ձեր ընելիքները մի՛ խճողէք եւ քիչ մը պատահականութեան ձգեցէք: Ընդհանրապէս անակնկալ հանդիպումներ կ՛ունենաք, եւ ձեր օրերը կը խճողուին ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Եթէ գործի մը ձեռնարկել կ՛ուզէք, արագ որոշումներ մի՛ կայացնէք, մանաւանդ եթէ ընկերովի գործ մըն է: Ձեր ընկերը լաւ սերտեցէք, եւ երբ կը գնահատէք անոր միտքերը, գործի անցէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ...

50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1967)

Ցեղասպանութեան Նախազգուշութեան Համագումար Ֆրանսացի փաստաբանապետ Ալպեր Պրիւնուա մամուլի ասուլիս մը տուաւ առջի օր` յայտնելու համար, թէ յուլիս 10-14 Փարիզի Արդարութեան պալատին մէջ եւ արդարութեան նախարարին հովանաւորութեան ներքեւ կը գումարուի ցեղասպանութեան նախազգուշութեան համագումարը: Կազմակերպիչ մարմինն է «Ոճրային նախազգուշութեան միջազգային ընկերութիւնը` գործակցութեամբ «Մտային առողջութեան համաշխարհային դաշնակցութեան», «Համաշխարհային իրաւունքի զարգացման ընկերութեան» եւ «Մտային առողջապահութեան ֆրանսական լիկային»: Բժշկական ակադեմիայի անդամ փրոֆ. Պարիւքի ղեկավարութեան տակ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ապագայի ձեր ծրագիրները բազմաթիւ են. զանոնք իրագործելու համար պէտք է հանդարտութեամբ մտածէք այս արձակուրդին եւ ձեր գիտութիւնը ի գործ դրէք: Յաջողութիւն: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Ձեր տուած որոշումները յամառութեամբ մի՛ կատարէք. սխալած կրնաք ըլլալ. աւելի լաւ է, որ քանի մը անձերու կարծիքը առնէք եւ ըստ այնմ ի գործ դրէք: Աճապարելու պէտք չունիք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22...

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1967)

Ու Ես Կ՛երթամ... Խաչի Ճամբուն Զոհը Խաչի ճամբուն վրայ մահուան շատ մը վտանգներէ փրկուեցայ, եւ սակայն մարդոց գրոհին իբրեւ ճարակ` խաչի ճամբուն վրայ զոհուելու: Ու ես կ՛երթամ... Երկար  տարիներէ ի վեր խաչի ճամբորդութիւնը կը շարունակեմ: Այս պաշտօնը ամուսնացեալ կրօնաւորի մը համար չափազանց դժուար է... ընտանիքի, զաւակներու եւ մանաւանդ ապրուստի հոգերով բեռնաւորուած գաւառացիներու բազմատեսակ կարիքներուն գոհացում կարենալ տալու համար իսկապէս պէտք...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Նոր գործի մը ծրագիրը կը մշակէք, անվախօրէն սկսեցէք եւ յաջողութիւն պիտի գտնէք կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի ընդլայնէք ձեր ասպարէզը եւ աւելի հանգիստ պիտի ապրիք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Պիտի ունենաք նորեկ գործակիցներ, որոնք աշխատանքէն շատ տեղեակ չեն. դուք սիրայօժար անոնց օգտակար պիտի ըլլաք, եւ անոնք իրենց գոհունակութիւնը պիտի յայտնեն ձեզի: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21...

Անցեալի Պատմութիւնը Սառոյցին Մէջ

Անցեալի Պատմութիւնը Սառոյցին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս տաք օրերուն ահաւասիկ զովացուցիչ նիւթ մը: Գիտնականներ հանած են սառոյցի կտոր մը 6300 մեթր բարձունքի վրայ: Անոնք այս սառոյցի կտորը պիտի ուսումնասիրեն ծանօթանալու համար մեր մոլորակին անցեալին: Գիտնականները կ՛ուսումնասիրեն նաեւ սառոյցը: Ան մեզի շատ բաներ կը պատմէ անցեալին մասին: Անոր շնորհիւ մենք կրնանք 800 հազար տարի դէպի անցեալ երթալ: Բաւականաչափ փորելով մենք կրնանք հասնիլ սառոյցի...

50 Տարի Առաջ (1 Յուլիս 1967)

Հայկական Հին Սովորութիւններ  «Կտրիճներու Միութիւն» Միջնադարեան Հայաստանի քաղաքներուն մէջ գոյութիւն ունեցած են ամուրի Կտրիճներու միութիւններ, որոնք յաճախ կոչուած են եղբայրութիւններ (հին հայերէնով` կտրիճ կը նշանակէ երիտասարդ): Օրինակ, 1280-ին Երզնկայի մէջ կազմակերպուած է «Կտրիճաց միաբանութիւն» մը, որուն կանոնագրութիւնը, որ այժմ կը գտնուի Երեւանի մատենադարանին մէջ, կազմած է բանաստեղծ Յովհաննէս Երզնկացի: Քաղաքական դժբախտ դէպքերու իբրեւ հետեւանք, Ժ.-ԺԱ. դարերուն եւ այնուհետեւ տեղի ունեցան...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Ուրիշներով մի՛ հետաքրքրուիք եւ մի՛ քննադատէք զանոնք: Եթէ կրնաք օրինակ հանդիսացէք անոնց, որպէսզի գոհունակութիւն ունենաք եւ իսկապէս օգտակար դառնաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Շատ կ՛աշխատիք եւ հանգիստի պէտք ունիք. ձեր շուրջինները ձեզ չեն հասկնար. ուրեմն դուք պէտք է մտածէք ձեր առողջութեան մասին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Շատ բծախնդիր էք եւ ամէն ինչ կատարեալ...

50 Տարի Առաջ (30 Յունիս 1967)

«Եփրեմեան» Միջնակարգ Վարժարանի Տարեփակի Հանդիսութիւնը Շաբաթ, 24 յունիս 2067-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազատամարտ» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի բարեջան առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեանի եւ նախագահութեամբ տոքթ. Յակոբ Պէրպէրեանի, տեղի ունեցաւ «Եփրեմեան» միջնակարգ վարժարանի տարեփակի հանդիսութիւնը: Իբրեւ միակ յայտագիր` խուռներամ ներկաները հաճոյքով դիտեցին վարժարանի աշակերտութեան գունաւոր շարժանկարը: Արդարեւ, տարւոյն սկիզբէն վարժարանի տնօրէնութիւնը գեղեցիկ գաղափարը ունեցեր էր աշակերտները շարժանկարի առնել` զանազան առիթներով ու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Արձակուրդի օրերուն յաւելեալ ծախսեր մի կատարէք: Ձեր քսակին ուշադիր եղէք, որպէսզի ծախսալից արձակուրդ մը չունենաք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Զեղչ-վաճառքի պարագային նախ քննեցէք ձեր հագուստի պահարանը, ապա որոշեցէք ձեր կատարելիք գնումները: Այսպէս խնայողութիւն պիտի կատարէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Եթէ ամուրի էք, այս ամառը ձեզի պիտի վերապահէ հաճելի եւ անակնկալ պատահարներ` զգացական գետնի...

Page 270 of 361 1 … 269 270 271 … 361

Արխիւներ