ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ուրիշներով մի՛ հետաքրքրուիք եւ մի՛ քննադատէք զանոնք: Եթէ կրնաք օրինակ հանդիսացէք անոնց, որպէսզի գոհունակութիւն ունենաք եւ իսկապէս օգտակար դառնաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շատ կ՛աշխատիք եւ հանգիստի պէտք ունիք. ձեր շուրջինները ձեզ չեն հասկնար. ուրեմն դուք պէտք է մտածէք ձեր առողջութեան մասին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շատ բծախնդիր էք եւ ամէն ինչ կատարեալ ընել կ՛ուզէք, ինչ որ կրնայ ազդել ձեր առողջութեան վրայ: Քիչ մը ձեր հանգիստին մասին ալ պէտք է մտածէք, որպէսզի կարենաք առողջ եւ գոհ ըլլալ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանիքին մէջ անհասկացողութիւններ կան, ինչ որ ձեր խաղաղութիւնը կը խանգարէ: Ամէն անհատ իր խոստումը պէտք է կատարէ, որպէսզի համաձայնութիւն գոյանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր բարեացակամութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը պիտի գնահատուի ձեր շրջապատին կողմէ, ինչ որ ձեզ պիտի քաջալերէ: Ընտանիքը եւ շրջապատը շատ բան կ՛ակնկալէ ձեզմէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երկար աշխատանքէ մը ետք անպայման կատարեալ հանգիստի պէտք ունիք, խաղաղ շաբաթավերջ մը ունեցէք, որպէսզի կարենաք ձեր գործը շարունակել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր փափաքները գոհացնելու մեծ կարողութիւն ունիք. ամէն ջանք կ՛ընէք եւ ոչինչ կը խնայէք յաջողելու համար: Արդեօք երջանկութեան բանալի՞ն ունիք ձեր ձեռքին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանիքին հոգերը միայն դուք ստանձնած էք. կարծէք ստիպողական պարտականութիւն մըն է. քիչ մը միւս անդամներուն ալ վստահեցէք, որպէսզի ձեր առողջութիւնը չքանդուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ծրագիրները ձեր բարեկամներուն յայտնեցէք. անոնք կրնան անկեղծօրէն խրատել ձեզ եւ իրենց կարելին կ՛ընեն ձեր յաջողութեան համար: Միութիւնը զօրութիւն է կ՛ըսեն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կ՛ուզէք նոր աշխատանքի մը սկսիլ, ինչ որ շատ դրական չէ: Աւելի լաւ սերտեցէք ամէն բան եւ ձեր շրջապատին կարծիքները առէք, որպէսզի ապագան լաւ հիմերու վրայ դրուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հաւանաբար այս ամառ արձակուրդի հրաւէր մը ստանաք, մի՛ մերժէք, քանի որ հաճելի ժամանակ մը պիտի ապրիք, եւ ինչո՞ւ չէ` ձեր քսակին ալ նպաստաւոր պիտի ըլլայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Քանի մը հարցեր ունիք եւ չէք գիտեր, ո՛ր մէկը լուծելու սկսիք: Առանձին որոշումներ մի՛ տաք. անկեղծ բարեկամի մը օգնութեամբ լաւագոյն լուծումը կրնաք ունենալ: