ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Նոր գործի մը ծրագիրը կը մշակէք, անվախօրէն սկսեցէք եւ յաջողութիւն պիտի գտնէք կարճ ժամանակի ընթացքին պիտի ընդլայնէք ձեր ասպարէզը եւ աւելի հանգիստ պիտի ապրիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի ունենաք նորեկ գործակիցներ, որոնք աշխատանքէն շատ տեղեակ չեն. դուք սիրայօժար անոնց օգտակար պիտի ըլլաք, եւ անոնք իրենց գոհունակութիւնը պիտի յայտնեն ձեզի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Կարգ մը աշխատանքներ կարելի չէ առանձին կատարել. խմբային աշխատանքը երբեմն յաջողութեան կ՛առաջնորդէ. անվախ յառաջացէք եւ յաջողութիւն ձեզի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մարդիկ լաւ հասկնալու համար ժամանակ պէտք է տրամադրել, երկար յարաբերութիւններէ վերջ կարելի է գնահատել ձեր դիմացինները. անոնց մէջ ազնիւ զգացումներ կրնաք գտնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ հաճելի արձակուրդ մը պիտի վայելէք. կարելիութիւն պիտի ունենաք կարճ ճամբորդութիւն մը կատարելու, ինչ որ շատ պիտի նպաստէ ձեր ներքին կեանքին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի մեկուսանաք եւ ընկերային կեանք մը ունեցէք. ուրիշներու կեանքը եւ դժուարութիւնները մտիկ ընելով դուք ձեզ աւելի լաւ պիտի զգաք: Կեանքը միշտ հեզասահ չէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ նորութիւններ պիտի կիրարկէք եւ յաջողութիւն պիտի ունենաք: Այս ընթացքը շատերուն կողմէ պիտի գնահատուի եւ անոնց օրինակ պիտի ըլլայ: Աւելի բարձր յաջողութիւն ձեզի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ հաճելի օր մը պիտի ունենաք, ամէն ինչ դիւրին պիտի գտնէք եւ նոյնիսկ անցեալի ձեր գործած սխալները պիտի տեսնէք եւ անշուշտ պիտի կարենաք սրբագրել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կեանքը եւ ձեր գործերը կը բարդացնէք. արագ անդրադարձ մը պիտի ունենաք եւ ձեր ընթացքը պիտի բարելաւէք, ձեր ծրագիրները աւելի դիւրին պիտի ընթանան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ասպարէզին մէջ դժուարութիւններ ունիք. ինչո՞ւ անկեղծ բարեկամներու չէք արտայայտուիր. անոնք միշտ ձեզի հետ եղած են եւ պատրաստ պիտի ըլլան օգտակար ըլլալու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Միշտ ձեր ծրագիրները կը յետաձգէք, ինչ որ ո՛չ մէկ տեղ կը հասցնեն ձեզ: Գործնական եղէք եւ ինքնավստահութեամբ կատարեցէք զանոնք, այս ձեւով ձեր ապագան կերտած կ՛ըլլաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Արձակուրդի ընթացքին պիտի ունենաք նորութիւններ, որոնք շատ հաճելի պիտի թուին ձեզի. գրեթէ անկրկնելի ուրախութիւններ պիտի ապրիք: Կեանքը միշտ ժխտական չէ: