ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ճամբորդութիւն մը կը կազմակերպէք. ձեր ընելիքները մի՛ խճողէք եւ քիչ մը պատահականութեան ձգեցէք: Ընդհանրապէս անակնկալ հանդիպումներ կ՛ունենաք, եւ ձեր օրերը կը խճողուին
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ գործի մը ձեռնարկել կ՛ուզէք, արագ որոշումներ մի՛ կայացնէք, մանաւանդ եթէ ընկերովի գործ մըն է: Ձեր ընկերը լաւ սերտեցէք, եւ երբ կը գնահատէք անոր միտքերը, գործի անցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատավայրին մէջ տակնուվրայութիւն մը կայ. ամէնքը արձակուրդի մասին կը մտածեն եւ իրաւունք ունին. դուք ալ ձեր կարգին ձեր արձակուրդը ծրագրեցէք, որպէսզի յաջող վերամուտ մը սկսիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սկսուած գործ մը աճապարանքով մի՛ կատարէք շուտ վերջացնելու համար. աւելի լաւ է, որ ձգէք, եւ երբ հանդարտիք, շարունակեցէք, որպէսզի սխալ արդիւնք չտայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կ՛ուզէք բարեձեւ մարմին մը ունենալ, բայց ո՛չ մէկ աշխատանք կը տանիք. կանոնաւոր մարզանքի հետեւեցէք, նաեւ շատակերութենէ հեռու մնացէք: Այսպիսով, հաճելի արձակուրդ մը կ՛ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ծնողք էք, ձեր պատանի զաւակներուն գաղտնօրէն հետեւեցէք: Անոնք չեն ուզեր, որ ամէն բանի միջամտէք: Ինչպէս կ՛ըսուի, անոնք իրենց գաղտնիքները պահել կ՛ուզեն:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր զաւակները եւ դուք արձակուրի կը կարօտիք: Ընտանիքով կատարուած արձակուրդ մը մեծապէս պիտի նպաստէ ձեր զաւակներուն, եւ անոնք վերամուտը աւելի հաճոյքով պիտի սպասեն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Կարծէք` կարգ մը անձերու հանդէպ կասկածամտութիւն ունիք. այս ընթացքը կրնայ վնասել ձեր առողջութեան. աւելի պարզօրէն ընդունեցէք զանոնք եւ խորը մի՛ թափանցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ խանդավառ էք եւ քիչ մը ամէն ինչ կատարել կ՛ուզէք. աւելի հանդարտ եղէք եւ խոհեմութեամբ դիմաւորեցէք հարցերը, որպէսզի սխալ որոշումներ չտաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր ասպարէզ մը պիտի ներկայանայ ձեզի. ձեր դիմումնագիրը լաւ սերտեցէք եւ ձեր գիտութիւնը ներկայացուցէք բծախնդրօրէն: Հաւանաբար ձեր ապագան յաջողութեամբ պսակուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընկերութենէ հեռու մնացած էք եւ ձեր նախկին բարեկամները բոլորովին մոռցած էք: Այս արձակուրդը առիթ մը թող ըլլայ ձեզի համար, որպէսզի գտնէք ձեր բարեկամները, որոնք շատ պիտի ուրախանան:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ յաջողութեան բանալին չեն տար ձեզի, ուրիշ դուռ մը բացէք: Դռները չեն պակսիր, պէտք չէ յուսահատիլ: Այսպիսով, ճիշդ դուռը կրնաք բանալ: