Այլազան

Յայտարարութիւններ (27 Մարտ 2018)

«ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ»-ՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ «ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄՆԵՐ 27 մարտի` «Թատրոնի միջազգային օր»-ուան առիթով, «Վանայ Ձայն» այսօր` երեքշաբթի, 27 մարտին կը ներկայացնէ յատուկ հաղորդումներ. Առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Բարեւ» յայտագիրէն հանդէս կու գան լիբանանահայ թատրոնի նուիրեալներ Նուպար Մանուկեան, Յովսէփ Գաբլանեան, Զաւէն Պաաքլինի, Յակոբ Գալայճեան եւ Կարօ Քիրիաքօ, որոնք երեկոյեան պիտի մեծարուին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան մեծարանքի յատուկ հանդիսութեան, զրոյցին կը...

50 Տարի Առաջ (27 Մարտ 1968)

Յայտարարութիւն Կիրակիի ընտրութեանց առիթով Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանին մէջ հայութեան մասնակցութեան եւ ՀՅ դաշնակցութեան ընտրական աշխատանքներուն շուրջ երէկուան մամուլին եւ մասնաւորաբար «Լ՛Օրիան»-ի մէջ տեղ գտած էին կարգ մը անհիմն ու անճիշդ զրոյցներ, որոնք իրականութեան բոլորովին անհամապատասխան եզրակացութիւններու կը տանէին ֆրանսատառ թերթը: Այս առիթով ՀՅ դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն «Լ՛Օրիան»-ին յանձնեց հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ իբրեւ ճշդում հրատարակուած է թերթին այսօրուան թիւին մէջ:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Աշխուժ գործունէութիւն պիտի ունենաք այս օրերուն: Առիթ պիտի ունենաք ուրախանալու որոշ անձերու կողքին: Նիւթական հարց մը պիտի քննարկէք: Ձեր նախասիրութիւնները պիտի իրականացնէք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Մի՛ կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը, երբ հանդիպիք դժուարութիւններու: Պիտի համակերպիք ձեր միջավայրին եւ երեւան հանէք ձեր ձիրքերը: Լոյսերը ձեր վրան պիտի կեդրոնանան այս օրերուն: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)...

Մեր Ընթերցողներուն

Յայտարարութիւններ (26 Մարտ 2018)

ՄԱՀԱԶԴ Տիար Պօղոս Բարիքեան եւ զաւակունք Գերշ. Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր եւ մեծ մօր` ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՄԱՐԻ ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ (Ծնեալ` Զահլէ, 1936-ին) մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 25 մարտ 2018-ին: Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 28 մարտ 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը: Ներկայս ընդունիլ իբրեւ...

50 Տարի Առաջ (26 Մարտ 1968)

Տիպարներ Արդարադատը Ամէն կողմ մատի վրայ կը համրուին արդարադատ կամ արդարակորով անձեր: Նկատումներով լեցուն մեր աշխարհին մէջ առանձին հաշիւներ ու շահեր պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ գործեն որոշ վերապահութիւններով: Արդարութիւնը յաճախ կը խաչուի բոլորին աչքերուն առջեւ, եւ անոր խաչելութեան իրազեկ մարդիկ կը լռեն: Լռութեան մեղսակցութիւնը երեւան կը հանէ անոնց կորովի պակասը եւ արդարութեան հանդէպ անտարբերութիւնը: Կանգնիլ պաշտպան արդարութեան, թոյլ չտալ,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Մարմնական ցաւերէ կը տագնապիք: Կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի պիտի ունենայ ձեր կեանքին մէջ: Ջերմ եւ խոր զգացումներ պիտի փոխանակէք մէկու մը հետ: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Անսպասելի հանդիպում մը պիտի ունենաք: Ինչ որ ուրիշները կը տագնապեցնէ, ձեզ պիտի ուրախացնէ: Սիրոյ խոստովանութիւն մը պիտի ստանաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Ընտանեկան եւ աշխատանքային հարց մը...

Յայտարարութիւններ (24 Մարտ 2018)

ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ` «ՄԱՅԱՏԻՆ» ԵՒ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՆ.» ԿԱՅԱՆՆԵՐԷՆ Կիրակի, 25 մարտ 2018-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Մայատին» կայանէն հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հարցազրոյցին: Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Բագրատունի հարցազրոյց պիտի ունենայ նաեւ «Էն. Պի. Էն.» կայանէն: --------------------------------------- ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Լիւսի Արեւեան բախտաւորուած են առջինեկ մանչ զաւակով մը` ԱՐԱՄ 22 մարտ 2018-ին...

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Սալբի Պէլեանի մահուան քառասունքին առիթով` - Տիկին Մարի Պէլեան-Ուստաօղլանեան եւ օրիորդ Սօսի Պէլեան 100.000 լ.ո.

Լուսինին Պահուած Բաժինին Վրայ

Լուսինին Պահուած Բաժինին Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գիտէ՞իք, որ այս տարի գիտնականները դէպի լուսին պիտի ղրկեն յատուկ մարդամեքենայ մը: Անոր պաշտօնն է ուսումնասիրել լուսինին պահուած բաժինը եւ հոն բուսականութիւն մշակելու կարելիութիւնը: Չինաստան կ՛ուզէ երթալ հոն, ուր տակաւին ոչ մէկը գացած է: Ո՛չ. ան չի մտադրեր Հրատ մոլորակ երթալ, այլ` լուսինին չերեւցող բաժինը: Ի՞նչ է լուսինին պահուած բաժինը: Երբ մենք լուսինին կը նայինք, մենք...

50 Տարի Առաջ (24 Մարտ 1968)

 Առաւօտեան Զանգակներ  Լուսաւորչի Շուքին Տակ   Տեսաբան Մանուկներ Այս դէպքը ես մոռնալ կ՛ուզեմ, բայց ինք չ՛ելլեր իմ միտքէս: Ու թերեւս իրմէ ազատիմ, եթէ զայն ուրիշներու միտքին տամ: Կիրակի մըն էր, տունէն դէպի կաթողիկոսարան ճամբու վրայ հանդիպեցայ անթիլիասաբնակ հայ ընտանիքներէն մէկու մը մանչուկներէն փոքրագոյնին` իր ժպտադէմ մեծ-մօրը ձեռքէն բռնած, ու հարցուցի` իր կլորիկ գլուխը շոյելով. - Ո՞ւր կ՛երթաս այսպէս. դուն եկեղեցի...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Թոյլ մի՛ տաք, որ պայմանները տկարացնեն ձեր կամքը: Դուք կրնաք յաղթահարել դժուարութիւնները: Ճամբորդելու առիթ պիտի տրուի ձեզի: Նոր յարաբերութիւններ պիտի մշակէք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Շատ լաւ գիտէք, որ ձեզի հետ ծանօթացողները կը կապուին ձեզի: Շատեր օգտակար պիտի դառնան ձեզի: Որոշումներ մի՛ տաք, այլ վերապահ եղէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Պիտի օգտուիք անակնկալ...

50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1968)

Վասն Քաղաքացիութեան Լիբանանի ընտրաշրջաններէն ոմանք վաղը պիտի ընտրեն իրենց երեսփոխանները: Մեր համայնքը առաջին մէկ օրէն մեծ շահագրգռութեամբ հետեւեցաւ տարուած ընտրական պայքարներուն եւ կը պատրաստուի արժեցնել իր քաղաքացիութիւնը: Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները մէկ երեսով չեն ներկայանար հայութեան, մէկ արժէք չունին մեզի համար, երկու արժէք ունին: Ծառայել Լիբանանի, ծառայել հայութեան: Ազատ ու բարգաւաճ Լիբանանի մը մէջ առաւելագոյն չափով կրնանք տանիլ մեր սեփական պայքարը,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Համաձայն պիտի ըլլաք կատարուածին: Պիտի տագնապիք, բայց յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Ձեր շրջապատին կամ հարազատներուն հետ անակնկալ դէպք մը պիտի պատահի, եւ դուք անակնկալի պիտի գաք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Աշխատասիրութեամբ դիւրաւ ձեր նպատակին պիտի հասնիք: Ժամանակը յարմար է սիրային հանդիպումներու: Եթէ մինակ էք, սիրոյ խոստովանութիւն մը պիտի լսէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)...

Յայտարարութիւններ (22 Մարտ 2018)

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ԻՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ Այսօր` հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը եւ յայտարարէ 6 մայիսին տեղի ունենալիք Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն տարբեր ընտրաշրջաններու մէջ իր առաջադրած թեկնածուները: --------------------------------------- ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ Զալքա ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Մասնակցութեամբ` Մխիթարեան դպրեվանքի Ժառանգաւորներուն Ժամը 5:30-ին...

Թեսթ.  Այս Տղամարդը Ձեզի՞ Կը Նայի, Թէ՞ Կողմնակի

Թեսթ. Այս Տղամարդը Ձեզի՞ Կը Նայի, Թէ՞ Կողմնակի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ուշադիր դիտեցէք նկարը եւ տեսէք, թէ ձեր ուղեղը ինչպէ՛ս կ՛արձագանգէ անոր: Նկարին վրայ պատկերուած տղամարդը ձեզի՞ կը նայի, թէ՞ կողմնակի, պատասխանեցէք այս պարզ հարցումին եւ կարդացէք արդիւնքը: Եթէ, ձեր կարծիքով, տղամարդը կողմնակի կը նայի, շատ հնարաւոր է, որ դուք նախ նկատեր էք քիթն ու բերանը եւ խուսափեր էք աչք-աչքի շփումէ: Ասիկա կը բացայայտէ ձեր ամչկոտութիւնը, դուք առհասարակ...

50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1968)

Լիբանանը Եւ Մենք Հայը կ՛արժեւորուի իբրեւ լիբանանցի, երբ կը մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան կը հաստատէ լրիւ քաղաքացիի իր իրաւունքները եւ կ՛ամրացնէ ինքն իր մէջ Լիբանանի անկախութեան եւ ազատ ու ժողովրդավար կարգերուն հանդէպ իր հաւատքը: Հոս է, որ կը սկսի հայուն լիբանանցիի գիտակցութիւնը, բայց պէտք է երթալ աւելի խոր ճշմարտութիւններու: Յիսնամեակ մը առաջ հասանք Լիբանան եւ դժոխքէն փոխադրուեցանք դրախտ: Պատմութեան առաջին...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Այսօր յարմար է ամէն տեսակ աշխատանք  կատարելու` ընկերային, անձնական, սիրային: Զուգադիպութիւնը ի շահ ձեզի պիտի ըլլայ: Առողջական փոքր խնդիր մը պիտի ունենաք: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Հարցեր պիտի ծագին ձեր գործին մէջ: Վիճաբանութիւն մը պիտի ունենաք ձեր կողակիցին կամ ընտանիքի անդամներէն մէկուն հետ: Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս) Փորձեցէք նշանները...

Յայտարարութիւններ (21 Մարտ 2018)

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ (21-23 ՄԱՐՏ 2018) ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ` ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ` ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ` ՓՐՈՖ. ՌԻՉԸՐՏ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՓՐՈՖ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆԻ ՏԻԱՐ ԵՐՈՒԱՆԴ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆԻ ԲԱՑՄԱՆ ՆԻՍՏ Չորեքշաբթի, 9:00-11:00 ԲԱՑՄԱՆ ԽՕՍՔ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ Վսեմաշուք Սերժ Սարգսեան, նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Բակօ Սահակեան, նախագահ Արցախի Հանրապետութեան...

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1968)

Մի՛ Խաբեր... Մի՛ Խաբուիր Այնճարի Աշակերտութեան Ցոյցը Այս օրերուն, աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ, գիտակից ուսանողութիւնը ցոյցեր կը կատարէ` ի խնդիր իր համոզումներուն եւ պահանջներուն, հիմնական նպատակ ունենալով պայքարը հանրային կարգերու այլասերման դէմ: Լիբանանի մէջ եւս անպակաս չեն նման առողջ երեւոյթներ, որոնց պերճախօս արտայայտութիւններէն մէկը հանդիսացաւ Այնճարի` հայկական այդ գիւղին ուսանողութեան ինքնաբուխ ցոյցը, որ կազմակերպուած էր անցեալ կիրակի, մարտ 17-ին: Ուսանողներու...

Page 241 of 361 1 … 240 241 242 … 361

Արխիւներ