ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Համաձայն պիտի ըլլաք կատարուածին: Պիտի տագնապիք, բայց յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Ձեր շրջապատին կամ հարազատներուն հետ անակնկալ դէպք մը պիտի պատահի, եւ դուք անակնկալի պիտի գաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Աշխատասիրութեամբ դիւրաւ ձեր նպատակին պիտի հասնիք: Ժամանակը յարմար է սիրային հանդիպումներու: Եթէ մինակ էք, սիրոյ խոստովանութիւն մը պիտի լսէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Պզտիկ ժպիտ մը ձեզմէ բաւարար է, որ հոգատարութիւն եւ խնամք ստանաք ձեր շրջապատէն: Ձեր կրցածին չափ հեռու մնացէք ցուցադրութիւններէ: Այս օրերուն գիտելիքները պիտի պակսին ձեզի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր գործած սխալին համար պիտի մեղադրուիք. զգո՛ւշ եղէք: Մի՛ կարծէք, որ ամէն բան գիտէք: Որոշ պարզաբանումներ եւ տեղեկութիւններ կը պակսին ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հաճելի շրջան մըն է: Խոստմնալից հանդիպումներ պիտի ունենաք: Աշխատանքային գործունէութիւն մը պիտի ունենաք ձեր մօտիկներէն մէկուն հետ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ամուսնական գետնի վրայ հարց մը պիտի լուծէք: Ինքնավստահ կ՛երեւիք: Նորութիւն մը պիտի ծրագրէք եւ դժուար հարց մը պիտի լուծէք: Ըսուած խօսքերը նկատի առէք, մի՛ անտեսէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Այլոց կարծիքները եւ միտքերը պիտի ջղայնացնեն ձեզ: Ձեր ձայնը պիտի բարձրանայ, եւ տգիտութեամբ պիտի մեղադրէք շատեր, որոնք պիտի չհասկնան` ի՛նչ կ՛ըսէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր կարծիքը որոշ ուղղութեամբ պիտի փոխէք: Այս օրերուն ճամբորդութիւններ պիտի կատարէք: Կապանքներէ պիտի ձերբազատիք եւ պիտի զգաք, որ մեծ բեռ մը իջաւ ձեր ուսերէն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ուշադիր եղէք` ո՛ւր կ՛երթաք եւ ինչպէ՛ս կը վարուիք: Մի՛ աճապարէք որոշում տալու մէջ: Վտանգ մը կայ: Աշխատանքային գետնի վրայ ուրախ լուր մը պիտի առնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Կը մտածէք մինակ աշխատիլ եւ ձեր անձնական հաստատութիւնը հիմնել: Այս օրերուն նոր հորիզոններ պիտի բացուին ձեր առջեւ: Անձնական գետնի վրայ սէրը տիրական պիտի դառնայ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: կարգ մը մանրամասնութիւններու մէջ մի՛ մտնէք եւ մի՛ ստորագրէք պայմանագիր: Խելացի եղէք: Գալիք օրերուն պայմանները պիտի լաւանան:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հանգստացնող լուր մը պիտի ստանաք: Ձեր գործը փոխելու առիթներ պիտի ունենաք: Ձեր գործերը կարգաւորեցէք, որպէսզի համերաշխութիւն տիրէ ձեր ընկերային կեանքին մէջ: