Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսինին Պահուած Բաժինին Վրայ

Մարտ 24, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Գիտէ՞իք, որ այս տարի գիտնականները դէպի լուսին պիտի ղրկեն յատուկ մարդամեքենայ մը: Անոր պաշտօնն է ուսումնասիրել լուսինին պահուած բաժինը եւ հոն բուսականութիւն մշակելու կարելիութիւնը:

Չինաստան կ՛ուզէ երթալ հոն, ուր տակաւին ոչ մէկը գացած է: Ո՛չ. ան չի մտադրեր Հրատ մոլորակ երթալ, այլ` լուսինին չերեւցող բաժինը:

Ի՞նչ է լուսինին պահուած բաժինը: Երբ մենք լուսինին կը նայինք, մենք միշտ նոյն երեսը կը տեսնենք: Ան լուսինին երեւելի բաժինն է: Անոր հակառակ կողմը կը գտնուի բաժին մը, զոր մենք բնաւ չենք տեսներ: Լուսինը կը դառնայ երկրագունդին շուրջ: Լման շրջան մը ընելու համար ան կը կարօտի 29,5 օրուան: Սակայն, նոյն ատեն, ան ինքն իր վրայ կը դառնայ: Ան նոյն ժամանակը կ՛առնէ դառնալու ինքն իր վրայ եւ երկրագունդին շուրջ: Այս պատճառով է, որ մենք միշտ լուսինին նոյն երեսը կը տեսնենք: Այս տեսանելի կողմը շատ ծանօթ է գիտնականներուն, որովհետեւ անոնք հոն իջեցուցած են բոլոր անջրպետանաւերը:

Մինչ լուսինին պահուած բաժինը տակաւին մեզի անծանօթ է: Հետեւաբար չինական պետութիւնը որոշած է զայն հետախուզել: Երկրագունդէն ղեկավարուած հետախուզական անջրպետամեքենայ մը պիտի ղրկուի դէպի լուսին: Անոր պաշտօնը պիտի ըլլայ ուսումնասիրել լուսինին հողը` գիտնալու համար անոր բաղադրութիւնը: Սակայն ան պիտի փնտռէ նաեւ հելիոմ 3 կազը, որ կրնայ ապագային գործածուիլ իբրեւ ուժանիւթ: Այս մեքենան իրեն հետ պիտի տանի նաեւ հատիկներ` ցանելու համար, ինչպէս նաեւ` միջատներ եւ շերամներ: Այս հետախուզական ճամբորդութեան նպատակն է ուսումնասիրել լուսինին վրայ կեանքին անհրաժեշտ թթուածին եւ բնածխային կազի արտադրութեան կարելիութիւնը: Այս հետախուզական արշաւանքին աշխատանքները պիտի սկսին յունիսին, երբ դէպի լուսին պիտի ղրկուի առաջին արբանեակ մը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլայ հաղորդակցիլ մարդամեքենային հետ, երբ անիկա լուսինին վրայ ըլլայ:

 

Հետաքրքրական

132 Տարուան Նամակ-Շիշ Մը
Ծովուն Մէջէն Գտնուած

Թոնիա եւ Քիրէ Իլման հանդարտօրէն կը քալէին Աւստրալիոյ արեւմտեան Ուէճ Լենտ ծովափին, երբ կը գտնեն ծովափին աւազներուն մէջ խրած նամակ-շիշ մը, որ ո՛չ միայն երկար ճամբորդութիւն մը կատարած է ծովուն մէջ, այլ նաեւ` ժամանակին ընթացքին, 132 տարի տեւած արկածախնդրութիւն մը:

Երբ Թոնիա եւ Քիմ բացած են շիշը, գտած են բարակ թելով մը կապուած նամակ մը: Անոնք փորձած են զայն բանալ, սակայն երբ տեսած են, որ թուղթը շատ դիւրաբեկ է եւ կրնայ փճանալ, անոնք վերադարձած են տուն եւ զայն հինգ վայրկեան փուռին մէջ դրած են, որպէսզի անոր խոնաւութիւնը անհետանայ:

Վերջապէս անոնք կրցած են բանալ նամակը եւ տեսնել գրութիւնը, որ նամակը ընթերցողէն կը խնդրէր գերմանական հիւպատոսարանին հետ կապուիլ: Զոյգը այս նամակը կը տանի Փերթի թանգարանը: Գերմանիոյ արխիւներուն մէջ փնտռտուքներ կատարելէ ետք, թանգարանին պատասխանատուն կը գտնէ «Փոլա» անունով նաւու մը փաստաթուղթերու տետրակը: Նաւապետը արձանագրած էր 12 յունիս 1886-ին, որ նամակ-շիշ մը ծով նետուած էր: Նամակին եւ նաւուն փաստաթուղթերուն մէջ արձանագրուած թուականը եւ նաւուն դիրքը իրարու կը համապատասխանեն: Հետեւաբար թանգարանին պատասխանատուն կը հաստատէ նամակին հարազատութիւնը:

* * *

Հետեւաբար այդ շիշը նետուած է գերմանական առագաստանաւէ մը` «Փոլա»-էն, 12 յունիս 1886-ին, ծովային հոսանքներու մասին կատարուած ուսումնասիրութիւններու ծիրին մէջ: Այս նամակ-շիշը աշխարհի ամէնէն հին, գտնուած նամակ-շիշն է:

Հետեւաբար ամառը, երբ դուն ալ ծով երթաս, աչքերդ շատ լաւ բաց. կրնայ ըլլալ, որ դուն ալ նման «գանձ» մը գտնես:

 

Ձեռային Աշխատանք

 Զատկուան Պատրաստութիւններ

Ա.- Լաթակալէ Նապաստակներ

Պէտք ունիս.- Լաթակալներու, ջրաներկի, ճերմակ, բարակ խաւաքարտի, մկրատի, մատիտի, մատիտ-ներկեր ու խէժի:

Պատրաստութիւն.-

1.- Լաթակալները ճերմակ ջրաներկով ներկէ: Ձգէ, որ չորնան:

2.- Լաթակալներուն վրայ վարդագոյն մատիտ-ներկով ականջները ներկէ:

3.- Ճերմակ բարակ խաւաքարտին վրայ գծէ կլորակ գլուխը: Մատիտ-ներկերով գծէ` աչքերը, քիթը, բերանը եւ պեխերը: Գլուխը փակցուր լաթակալին վրայ:

Բ.- Զատկուան Թուղթով Ստեպղին

Պէտք ունիս.- Նարնջագոյն եւ կանաչ բարակ խաւաքարտի, խէժի, կցիչի (ակրաֆըզ) կամ սքոչի, նարնջագոյն մատիտ-ներկի:

Պատրաստութիւն

1.- Կարկինով, կամ կլոր առարկայով մը (պնակ…) կլորակ մը գծէ նարնջագոյն բարակ խաւաքարտին վրայ:

2.- Կլորակը չորս հաւասար բաժինի կտրէ:

3.- Նարնջագոյն մատիտ-ներկով պզտիկ գծիկներ գծէ իսկական ստեպղինի կերպարանք մը տալու համար:

4.- Իւրաքանչիւր կտոր ոլորէ անոր կոնի ձեւ տալու համար: Այս կոներուն ծայրերը կցիչով մը միացուր, կամ սքոչի երիզով մը փակցուր:

5.- Տարբեր երանգի կանաչ, բարակ խաւաքարտներ երկար եռանկիւնաձեւ կտրէ ստեպղինին տերեւները ընելու համար: Այս «տերեւները» փակցուր կոնին ներսի ծայրէն:

Ապա, հիմա ստեպղիններդ պատրաստ են: Անոնց մէջ տուրմէ պզտիկ հաւկիթներ դիր եւ զանոնք զետեղէ նապաստակներուն հետ, հիւրանոցին տարբեր սեղաններուն վրայ:

 

Ժամանց
1) Կէտերը իրարու միացուր 1-79` բացայայտելու համար պահուած պատկերը:

 

2) Կրնա՞ս գտնել ծովային անասունին հասցնող ճամբան:

 

3) Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Մարտ 1968)

Յաջորդը

Աւստրալիոյ Մէջ 75.000 Տոլար Կը Հանգանակուի` Արցախի Զօրակցութեան Թելեթոնին

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?