Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1968)

Մարտ 22, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիբանանը Եւ Մենք

Հայը կ՛արժեւորուի իբրեւ լիբանանցի, երբ կը մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Ան կը հաստատէ լրիւ քաղաքացիի իր իրաւունքները եւ կ՛ամրացնէ ինքն իր մէջ Լիբանանի անկախութեան եւ ազատ ու ժողովրդավար կարգերուն հանդէպ իր հաւատքը: Հոս է, որ կը սկսի հայուն լիբանանցիի գիտակցութիւնը, բայց պէտք է երթալ աւելի խոր ճշմարտութիւններու:

Յիսնամեակ մը առաջ հասանք Լիբանան եւ դժոխքէն փոխադրուեցանք դրախտ: Պատմութեան առաջին օրերէն ճանչցուած ենք իբրեւ աշխատասէր, շինարար եւ կենսունակ ժողովուրդ: Շատ բնական էր, որ շուտով վերագտնէինք մեր յառաջդիմութեան թափը ու վերակերտէինք մեր ընկերային ու տնտեսական կեանքը այս ազատ երկրին մէջ, բարեացակամ ու սիրալիր ժողովուրդի մը կողքին: Յաճախ կը յոխորտանք մեր վերակենդանացմամբ, որ կը թուի մեզի հրաշք, ու կը հպարտանանք այնքան, որ նոյնիսկ արձաններ կը շինենք` իբրեւ վկայ մեր յարութեան: Բայց կը մոռնանք յաճախ, որ մեր հրաշքը, թէեւ սքանչելի, տեղի ունեցաւ շատ բարենպաստ պայմաններու մէջ, երբ Լիբանանը, իր ժողովուրդը եւ իր պետութիւնը թոյլ տուին, որ ազատ եւ անկախ ծաղկինք ու բազմանանք: Կը բաւէ յիշել, որ շատ աւելի բազմամարդ գաղութներ կործանեցան, եւ այսօր սփիւռքի մէջ ցրուած հայութիւնը մեզի կը նայի իբրեւ վերջին կռուան գաղթական հայութեան:

Շատ ծանր է բեռը լիբանանահայութեան: Մենք ոչ միայն պարտինք վառ պահել հայ մշակոյթը եւ հայուն Դատը, այլ նաեւ պէտք է որ անդրադառնանք սրբազան պարտականութեան մը, որ մերն է միայն, մեր բարոյական եւ նիւթական պարտքին վճարումը Լիբանանին: Կը կարծենք թերեւս, որ մշակութային եւ տնտեսական գետիններուն վրայ շատ բան ենք տուած այս երկրին: Անկասկած որ այս մարզերուն մէջ կը գրաւենք առաջնակարգ տեղ, սակայն այս առաւելութիւնները բնատուր ձիրք են եւ չեն պահանջեր աւելորդ ճիգ եւ զոհողութիւն: Հայը անապատներուն մէջէն անաղարտ իր հետն է բերած մշակոյթի եւ  դրամի սէրը: Վանականը եւ կերպասավաճառը, վարժապետն ու լումայափոխը միշտ գոյակցած են մեր մէջ: Այս յաջողութիւնները շատ արժէքաւոր ըլլալով հանդերձ, դիւրին են հայուն համար:

Մէկ ձեւ կայ մեր պարտքին հատուցման: Լիբանանահայը պարտաւոր է կիսել իր հայու հոգին եւ բաժնել զայն Լիբանանին հետ: Պէտք է որ տանք այս վերջին կռուանին` մեր աշխատանքը, մեր միտքը, մեր յղացումները: Հայը պէտք է որ մասնակցի Լիբանանի ապագայի կերտումին ոչ իբրեւ ժամանակաւոր հանդիսատես, այլ` իբրեւ գործօն դերակատար, որ հայու յամառութեամբ եւ թռիչքով իր ուսերուն վրայ կը կրէ երկրին ապագան, որ իրն է միաժամանակ անխուսափելիօրէն: Չբաւականանանք մտաւորական կամ վերացական երախտագիտութեամբ, որ շօշափելի հետք չի ձգեր իր ետին, ոչ ալ` տնտեսական երախտագիտութեամբ, որ իմաստ ունի այն ատեն միայն, երբ մեր դիզած հարստութիւնները կը դադրին մեծ աղայութեան ծառայելէ եւ կը զոհուին երկրի ընկերային եւ տնտեսական բարելաւման: Չի բաւեր հպարտանալ, որ խելացի ենք, պարտինք այդ խելքը տրամադրել երկրին բարգաւաճման: Լիբանանը փոքր երկիր է, բայց կը պարունակէ հսկայ հարստութիւններ: Այն միութեան շունչը, որ ստիպողաբար այս երկիրը պիտի տանի օր մը այն ուժեղ դիրքին, որ անհրաժեշտ է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրաւունքներու եւ խաղաղութեան պահպանման, կրնայ գալ հայէն եւ անոր ըրած զոհողութիւններէն: Պիտի գայ օրը, երբ Լիբանան պիտի ունենայ մէկ անհատականութիւն, պէտք է ճգնինք մաս կազմելու ապագայի ընդհանուր յայտագրին ոչ միայն երախտագիտութեամբ, այլ` կենսական անհրաժեշտութեամբ:

Մեր ճիգերը պէտք է որ սկսին անմիջապէս: Առաջին գետնի վրայ կու գան քաղաքացիական պարտականութիւններուն ամբողջական կատարումը, որ այսօր կը կայանայ քուէարկութեան մէջ: Պէտք է երթանք քուէատուփ բոլորս` առանց բացառութեան, ո՛չ թէ պարտականութեան ոգիով, այլ` այն խոր համոզմամբ, որ քուէարկութիւնը ցոյց կու տայ հայութեան ուժը եւ քաղաքացիական գիտակցութիւնը:

Այս ուժը եւ գիտակցութիւնը մեզի պիտի տան միջոցները` վճարելու մեր պարտքը եւ կերտելու ապագայ Լիբանանը:

Ուժը եւ թիւը անհրաժեշտ են` կարենալ գալիք տարիներուն արմատականօրէն բարեփոխելու մեր թէ՛ ներքին կազմակերպութիւնը, թէ՛ գործակցութիւնը Լիբանանին նպաստող գործօններու հետ:

Իր մասնակցութեամբ, հայը կը բերէ արդէն հիմնական արժէքներ, որոնք անհրաժեշտ են Լիբանանին. բարոյական դիմագիծ, անշահախնդրութիւն, եռանդ եւ հաւատք` երկրին պայծառ ապագային:

Վ. ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թեսթ. Այս Տղամարդը Ձեզի՞ Կը Նայի, Թէ՞ Կողմնակի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?