ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մարմնական ցաւերէ կը տագնապիք: Կարեւոր իրադարձութիւն մը տեղի պիտի ունենայ ձեր կեանքին մէջ: Ջերմ եւ խոր զգացումներ պիտի փոխանակէք մէկու մը հետ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Անսպասելի հանդիպում մը պիտի ունենաք: Ինչ որ ուրիշները կը տագնապեցնէ, ձեզ պիտի ուրախացնէ: Սիրոյ խոստովանութիւն մը պիտի ստանաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ընտանեկան եւ աշխատանքային հարց մը պիտի ունենաք: Ճնշումները պիտի նուազին: Ձեզմէ տարիքով մեծ անձի մը ներկայութեամբ հանգիստ ու ապահով պիտի զգաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Այսօր ուրախ օր մը պիտի ունենաք: Ուժ եւ կորով պիտի զգաք եւ նոր յարաբերութիւններ պիտի մշակէք: Նոր շրջան մըն է ձեզի համար: Նիւթական շահ պիտի ապահովէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հակառակ բոլոր փոթորիկներուն` դրական եղէք: Արտայայտեցէք ձեր կարծիքը ինքնավստահութեամբ: Պիտի դիմէք համոզելու գիտական եւ տրամաբանական ձեւին:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Նոր առիթ մը կ՛ուրուագծուի հորիզոնին վրայ: Հին սիրելիի մը պիտի հանդիպիք: Պիտի զայրանաք ձեր անձնական կեանքին խառնուողի մը պատճառով: Ուրիշներու կարծիքին պէտք ունիք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Անցեալի դասերէն պիտի օգտուիք անգամ մըն ալ սխալի մէջ չիյնալու համար: Զգուշ եղէք խաբեբայութենէ: Ապահովութեան եւ խաղաղութեան կողմնակից եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Զգուշ եղէք եւ անորոշութեան մէջ մի՛ մնաք: Ձեր դէմ թակարդ մը պիտի լարուի: Մի՛ հաւատաք բոլոր ըսուածներուն: Հետեւեցէք իրադարձութիւններուն լռութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Զգացական գետնի վրայ անակնկալներ պիտի պատահին: Երազ մը պիտի ապրիք եւ հին ծրագիր մը պիտի իրականացնէք: Սրտեր պիտի սիրաշահիք` առանց որեւէ ճիգի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Դրական որոշումներ պիտի տաք: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր սիրելիներուն հետ: Նոր աշխատանքի մի՛ դիմէք: Անհամութիւններ տեղի պիտի ունենան, եւ ձեր ինքնավստահութիւնը քիչ մը պիտի նուազի:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Անձ մը պիտի խոստովանի ձեզի իր գաղտնիքները: Կարեւոր տեղեկութիւններ պիտի ստանաք: Պայմանները պիտի բարելաւուին: Նոր յոյսեր, դրական եւ բարոյական շահեր պիտի արձանագրէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ծրագիրի մը համար պիտի տագնապիք: Հարկ է համբերութիւն ունենալ: Լուրջի պիտի չառնէք որոշ պարտականութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ: Ընտանեկան հարցերով պիտի զբաղիք: