Վասն Քաղաքացիութեան
Լիբանանի ընտրաշրջաններէն ոմանք վաղը պիտի ընտրեն իրենց երեսփոխանները:
Մեր համայնքը առաջին մէկ օրէն մեծ շահագրգռութեամբ հետեւեցաւ տարուած ընտրական պայքարներուն եւ կը պատրաստուի արժեցնել իր քաղաքացիութիւնը:
Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները մէկ երեսով չեն ներկայանար հայութեան, մէկ արժէք չունին մեզի համար, երկու արժէք ունին: Ծառայել Լիբանանի, ծառայել հայութեան:
Ազատ ու բարգաւաճ Լիբանանի մը մէջ առաւելագոյն չափով կրնանք տանիլ մեր սեփական պայքարը, զարկ տալ իմացական եւ տնտեսական մակարդակին, ու ճիշդ ա՛յդ պատճառով Լիբանանի ազատութեան եւ բարգաւաճումին իրենց մասնակցութիւնը բերած ու մասնակցութիւն մը բերելու ընդունակ տարրերը իրեն ցանկակից ընտրեց Դաշնակցութիւնը եւ նախանձախնդիր է անոնց յաջողութեան:
Խորհրդարանին մէջ քանի մը աթոռ ապահովելու ինքնաբաւ նպատակ մը չի հետապնդեր հայութեան այս թեւը վերը ուրուագծուած մտածումով որդեգրած իր կեցուածքը նոյնքա՛ն արժէք ունի իրեն եւ իր համակիրներուն համար: Ահա թէ ինչո՛ւ հայ երեսփոխանները պաշտօնապէս ընտրուած ըլլալով հանդերձ, ընտրութիւնը չէ վերջացած մեզի համար:
Ամէն շրջանէ եօթը, հինգ, երեք կամ մէկ երեսփոխան ընտրելու իրաւունք մը տրուած է իւրաքանչիւրին եւ իւրաքանչիւր ոք պէտք է արժեցնէ իր քուէն: Վաղը քուէատուփէն հեռու մնալը լաւ քաղաքացի մը ըլլալու յայտարար նշան չէ:
Իր իսկ ապագային համար Լիբանանը անգամ մը եւս պէտք ունի մեր ձայնին, եւ հայ մարդը չէ, որ դասալիք պիտի ըլլար գեղեցիկ այս երկրին վերստին ծառայելու առաջին քայլին մէջ:
Քաղաքացիական գիտակցութենէ զուրկ չէ հայ մարդը եւ հայ մարդը վաղը արժանաւորութեամբ պիտի կատարէ քաղաքացիի իր պարտքը:
Խմբագրական
Վաղը Պիտի Խօսի Քուէն
Պիտի Խօսի Ժողովուրդը
Մինչեւ հիմա թեկնածուները խօսեցան: Խօսեցաւ մամուլը:
Վաղը պիտի խօսի քուէն, պիտի խօսի ժողովուրդը` ազատ արտայայտութիւն տալով իր խոր համոզումներուն եւ առողջ դատողութեան:
Պիտի խօսի ինք` հա՛յ ժողովուրդը, Լիբանանի եղբայրական համայնքներուն հետ, առաւել գիտակցութեամբ, առաւել պատրաստակամութեամբ, առաւել վճռակամութեամբ:
Զանգուածո՛վի:
Վերջին խօսքն է այս, մեր վերջին պատուէրը` Պէյրութի մեր երկսեռ հայրենակիցներոն, ինչպէս նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք Պուրճ Համուտ կը բնակին, բայց Պէյրութ կը քուէարկեն:
Վաղը` կիրակի, ազգային նուիրական պարտականութեան օր մը պէտք է ըլլայ բոլորին համար` արժեցնելու համար այն ազատութիւնը, որ Լիբանան` խաղաղութեան եւ համերաշխութեան այս երկիրը կ՛ընծայէ իր բոլոր քաղաքացիներուն, համահաւասար իրաւունքներով: Նուազ բախտաւոր երկիրներու մէջ, ուր ազատութիւն չկայ, ուր ժողովրդավարական սկզբունքները ոտնակոխուած են, ժողովուրդը անդուլ պայքար կը տանի իր իրաւունքներուն համար, որոնց մէջ ամէնէն նուիրականը քուէի իրաւունքն է, իր կամքին արտայայտութեամբ` իր եւ երկրին ճակատագիրը որոշելու կատարեալ ազատութիւնը:
Հայ ժողովուրդը, որուն համար ազատութիւնը նոյնքան կենսական է, որքան` իր ծծած օդն ու խմած ջուրը, վաղը խուռներամ շարքերով պիտի դիմէ քուէատուփ` այդ ազատութեան առաջին նախապայմանը հանդիսացող քուէի իր իրաւունքը արժեցնելու նախանձախնդրութեամբ:
Ոչ միայն պիտի ընէ այդ, ինչպէս ըրած է նախորդ բոլոր ընտրութիւններուն, այլ այս անգամ եւս պիտի ընտրէ լաւագոյնները, մայրաքաղաքի առաջին ընտրաշրջանին մեր ցանկակիցները, որոնք իրենց յաղթանակին համար ՀՅ Դաշնակցութեան խոստումը ունին:
Մեր կազմակերպութիւնը այդ խոստումը տուած է` վստահելով իր ժողովուրդին, վստահելով իր ընկերներուն եւ բարեկամներուն, համակիրներու այն լայն զանգուածին, որ բոլոր ընտրութիւններուն մէկ մարդու պէս մեր կողքին կեցած է ու այս անգամ եւ «Պատրա՛ստ» պիտի պատասխանէ մեր կոչին:
Ըսած ենք ու կը կրկնենք: Մեր սեփական թեկնածուներուն առանց մրցակիցի ընտրուած ըլլալու իրողութիւնը, որ ինքնին կու տայ ապացոյց մեծ կազմակերպութեան անպարտելիութեան, երբեք պատճառ մը չէ, որպէսզի հայ ժողովուրդը թերանայ իր պարտականութեան մէջ: Իրմէ պահանջուածը քաղաքացիի պարտականութիւն է, մանաւանդ` այն գիտակցութիւնը, որ ՀՅ Դաշնակցութեան եւ լիբանանեան փաղանգաւորներու միացեալ ցանկին յաղթանակը այն ատեն միայն կ՛ըլլայ ամբողջական, երբ մենք կիրակի իրիկուն հնարաւորութիւն ունենանք շնորհաւորելու նաեւ մեր ցանկակիցները, ինչպէս շնորհաւորեցինք մեր թեկնածուները:
Այսպէս եղած ենք մենք ու այսպէս ենք այսօր: Մեզի համար տրուած խօսքին արժէքը վեր է ամէն բանէ: Ու այդպէս ըլլալուն համար է այն վտահութիւնը եւ բարձր գնահատանքը, որ երկրին ժողովուրդն ու ղեկավար դէմքերը ունին Դաշնակցութեան հանդէպ, վստահութիւն եւ գնահատանք, որ իբրեւ բարոյական անկողոպտելի դրամագլուխ` մենք կը վերադարձնենք հայ ժողովուրդին, մեր ուժին եւ հեղինակութեան միակ աղբիւրին:
Հայ ժողովուրդը այս անգամ ալ ճերմակերես պիտի հանէ մեզ: Այս անգամ ալ իր քուէները պիտի կեդրոնացնէ Դաշնակցութեան հովանաւորութիւնը վայելող ցանկի անդամներուն վրայ`
Շէյխ Փիեռ Ժեմայել,
Ֆուատ Պութրոս,
Անթուան Սեհնաուի եւ Սամիր Իսհակ
անոնց անձին մէջ ողջունելով այն մարդիկը, որոնք ուզեցին, որ այսպէս ըլլայ Լիբանանը, կ՛ուզեն, որ այդպէս ալ մնայ`
Ազատութեան հայրենիքը, համերաշխութեան հայրենիքը: