ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Այսօր յարմար է ամէն տեսակ աշխատանք կատարելու` ընկերային, անձնական, սիրային: Զուգադիպութիւնը ի շահ ձեզի պիտի ըլլայ: Առողջական փոքր խնդիր մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Հարցեր պիտի ծագին ձեր գործին մէջ: Վիճաբանութիւն մը պիտի ունենաք ձեր կողակիցին կամ ընտանիքի անդամներէն մէկուն հետ: Մի՛ պարտադրէք ձեր տեսակէտը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Փորձեցէք նշանները հասկնալ եւ տողատակի իմաստը կարդալ: Յստակութիւն մի՛ փնտռէք, որովհետեւ աւելի լաւ է կարգ մը իրադարձութիւններու մասին չխօսիլ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ետ քաշուեցէք եւ հետեւեցէք հարցերուն «ետեւի» նստարանէն: Մի՛ առաջնորդէք: Զգացական գետնի վրայ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Պիտի ամրապնդուի ձեր ստեղծագործելու կարողութիւնը, եթէ արուեստագէտ էք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Յաջողութիւն, բարգաւաճում եւ շահ պիտի ապահովէք: Սխալներ մի՛ գործէք: Ձեր գործը նրբութիւններ պիտի ունենայ: Պիտի դժուարանաք հասկնալ ձեր շրջապատը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի յաջողիք եւ փայլիք, պայմանաւ որ հրաժարիք ձեր ծաղրական եւ քննադատական ոճէն: Երկու գործի մի՛ ձեռնարկէք միաժամանակ: Յետաձգեցէք ձեր բոլոր որոշումները:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենայ ձեր կեանքին եւ գործին մէջ: Հանգիստի ժամանակ յատկացուցէք. կանոնաւորեցէք ձեր հարցերը եւ վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր հաշիւները:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պէտք ունիք հանդարտ եւ առողջ ծրագրումի: Տագնապներէ հեռու մնացէք: Խնդիրները պիտի լուծէք լաւ ձեւով: Ձեր տրամադրութիւնը դէպի լաւը պիտի փոխուի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մէկու մը հետ պիտի կիսէք ձեր երազները եւ միտքերը: Որոշ պայմաններէ պիտի օգտուիք: Ձեր տան, բակին կամ ընտանիքին մէջ փոփոխութիւններ պիտի մտցնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նոր իրադարձութիւններով պիտի հետաքրքրուիք: Իրենք-զիրենք պարտադրած որոշ վիճակներու հետ պիտի համակերպիք: Փորձեցէք հանգստանալ եւ լաւ լսեցէք այն, ինչ որ կ՛ըսուի ձեզի նիւթական գետնի վրայ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Մի՛ կասկածիք ձեր կարողութիւններուն վրայ: Ձեր ձիրքերը օգտագործեցէք լաւ գործի համար: Ոմանք ձեզ յուսախաբ պիտի ընեն: Պատրաստ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Այցելութիւն մը, անակնկալ մը կամ գեղեցիկ խոստում մը պիտի ստանաք այս օրերուն: Չարութիւններէ հեռու կեցէք: Որոշ պայմաններու բերումով ձեր տրամադրութիւնը պիտի փոխուի:
