Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1968)

Մարտ 21, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մի՛ Խաբեր… Մի՛ Խաբուիր

Այնճարի Աշակերտութեան Ցոյցը

Այս օրերուն, աշխարհի բոլոր մասերուն մէջ, գիտակից ուսանողութիւնը ցոյցեր կը կատարէ` ի խնդիր իր համոզումներուն եւ պահանջներուն, հիմնական նպատակ ունենալով պայքարը հանրային կարգերու այլասերման դէմ:

Լիբանանի մէջ եւս անպակաս չեն նման առողջ երեւոյթներ, որոնց պերճախօս արտայայտութիւններէն մէկը հանդիսացաւ Այնճարի` հայկական այդ գիւղին ուսանողութեան ինքնաբուխ ցոյցը, որ կազմակերպուած էր անցեալ կիրակի, մարտ 17-ին:

Ուսանողներու այս շարժումը զգաստութեան հրաւէր մըն է թէ՛ քուէ վաճառողներուն եւ թէ՛ քուէ գնողներուն, որպէսզի չգնեն խիղճեր ու չծախեն խիղճեր:

Քուէն բարոյական դրամագլուխ է, ու բարոյական դրամագլուխը դրամի ու սակարկութեան նիւթ չդարձնելու կամքի մը գովելի արտայայտութիւնն է Այնճարի աշակերտութեան կատարած այդ ցոյցը:

Ահաւասիկ այդ ցոյցին նկարագրութիւնը` մեր թղթակիցին կողմէ.

Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները, ինչպէս ամբողջ Լիբանանի, նոյնպէս եւ յատկապէ՛ս Պեքաայի մէջ ստեղծած են արտակարգ եռուզեռ մը:

Պեքաան միւս բոլոր ընտրաշրջաններէն բոլորովին տարբեր բնոյթ ունի: Չափանիշները բոլորովին շրջուած են հոս: Ընդհանուր առմամբ, թեկնածուներու անհատական ու մտաւորական կարողութիւնը շուքի մէջ կը մնայ, արժէքները կը գնահատուին մէկ չափանիշով. յարմարագոյնը, զօրաւորը եւ ժողովրդանուէրը ա՛յն է միայն, որ իր նիւթական հարստութեամբ կ՛իշխէ ու կ՛ընկճէ իր հակառակորդը: Այնպէս` ինչպէս խնձորի բերքի օրերուն, ժողովուրդը հետաքրքիր է գիտնալու խնձորին սակը, որ միշտ ելեւէջի մէջ կ՛ըլլայ, նոյն հոգեբանութիւնն է, որ կը տիրէ այսօր Պեքաայի մէջ: Զահլէն այս զրոյցներուն «սիւփրմարքեթ»-ն է: Քանի մը նմուշներ` շրջան ընող զրոյցներէն. «Այսօր իմացայ` քուէն 200 լ.ո.ի բարձրացեր է»:

«Այնինչ գիւղին մէջ քուէն մինչեւ 500 լ.ո.ի պիտի ելլէ»: Մարդ երբեմն կը տարուի մտածելու` արդեօք սնտուկին մէջ նետուած կարգ մը քուէներու ծնո՞ւնդ տեղի կ՛ունենայ, որ քուէին արժէքը շրջանէ շրջան տարբեր գին կը կրէ:

Նմանօրինակ զրոյցներու մէջ կը ծփայ Պեքաան, ինչպէս` իր յորդած գետերը:

Ընտրական այս վարակիչ ու վարկաբեկիչ ազդեցութեան դէմ ընդվզո՛ւմ մըն էր Այնճարի երեք վարժարաններուն աշակերտութեան բոլորովին ինքնաբուխ ցոյցը, որ տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ, կիրակի, 17 մարտ 1968-ին:

Այնճարի երկսեռ աշակերտութիւնը, գնահատելի կարգապահութեամբ, լուռ տողանցեց Այնճարի գլխաւոր փողոցներէն: Տասնեակ մը պաստառներու վրայ արձանագրուած էին իրենց մտածումները` արաբերէն եւ հայերէն վերտառութիւններով:

Պաստառներուն վրայ գրուած էին հետեւեալ ձեւի կարգախօսներ` ուղղուած Պեքաայի ժողովուրդին.

Մի՛ խաբեր… մի՛ խաբուիր: Սխալ ճամբէն ետ դարձէք:

Գիտութիւնն է գերիշխողը: Ձեր արժանապատուութիւնը բարձր պահեցէք: Մի՛ ծախուիք:

Ամբողջ ժամ մը շրջելէ ետք Այնճարի փողոցներէն, ուր ժողովուրդը ծափահարութիւններով ու խրախուսիչ խօսքերով կ՛ընդունէր զիրենք, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ բակէն ցուցարարները մեկնեցան իրենց տուները:

Մասնաայի ոստիկանութիւնը զինուորական երկու ինքնաշարժներով կ՛ընկերանար ցուցարարներուն: Պեքաայի ընդհանուր ոստիկանապետը բարձր գնահատանքով խօսեցաւ աշակերտական այս վսեմ զգացումներուն համար եւ շնորհաւորեց Այնճարի ժողովուրդը, հայ ժողովուրդը, թէ` Լիբանանի պարտաճանաչ քաղաքացիի խոր գիտակցութիւնը ունի:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քաթալոնիա Իրերայաջորդ Պատերազմներու Թատերաբեմ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?