Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Մարտ 1968)

Մարտ 24, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 Առաւօտեան Զանգակներ

 Լուսաւորչի Շուքին Տակ

 

Տեսաբան Մանուկներ

Այս դէպքը ես մոռնալ կ՛ուզեմ, բայց ինք չ՛ելլեր իմ միտքէս: Ու թերեւս իրմէ ազատիմ, եթէ զայն ուրիշներու միտքին տամ:

Կիրակի մըն էր, տունէն դէպի կաթողիկոսարան ճամբու վրայ հանդիպեցայ անթիլիասաբնակ հայ ընտանիքներէն մէկու մը մանչուկներէն փոքրագոյնին` իր ժպտադէմ մեծ-մօրը ձեռքէն բռնած, ու հարցուցի` իր կլորիկ գլուխը շոյելով.

– Ո՞ւր կ՛երթաս այսպէս. դուն եկեղեցի չե՞ս գար այս տօն օրին:

– Ո՛չ, – ըսաւ մանչուկը անմիջապէս.- մենք այդ եկեղեցին չենք երթար:

Իմ միամիտ հարցումիս այսքան լուրջ պատասխան ստացած ըլլալէս ազդուած չերեւնալու ընտանութեամբ, ես դեռ հարցուցի ժպտուն:

– Հապա դուք ո՞ր եկեղեցին կ՛երթաք կիրակի օրերը…

– Մենք եկեղեցի չենք երթար,- պատասխանեց ան դարձեալ համարձակ: – Անիկա մեր եկեղեցին չէ, – յարեց հայու այս ձագուկը իր նիհար-բարակ ցուցամատը բարձրացնելով Ս. Լուսաւորիչ տաճարին երկնասլաց հսկայ գմբէթին դէմ:

– Եթէ ասիկա չէ, հապա ո՞ր մէկն է ձեր եկեղեցին, ո՞ւր է, – հետապնդեցի ես հարցը` քիչ մը լրջացած ձայնով, մէջքս ծռած իր հասակին:

– Մենք եկեղեցի չունինք, – վճռեց մանուկը խստացած, – մենք մե՛ր դպրոցը կ՛երթանք. մեզի տէր պապան կու գայ դպրոցին մէջ հաղորդութիւն կու տայ…

Ձեռքս սահեցաւ վար մանուկին գլուխէն, ինկաւ իմ ծունկիս:

– Աստուած շնո՛րհք տայ ասոնց, եա՛վրուս, – մէջ նետուեցաւ ծերունի մեծ-մաման.- ասոնք այսպէս կը մեծնան. ահա, սկսեր են եկեղեցի-վարդապետ չճանչնալ ու վաղը Աստուած ալ պիտի չճանչնան…

Ու քաշեց մանուկին ձեռքէն, հեռացան երկուքն ալ` կռնակնին Ս. Լուսաւորչի տաճարին…

Ես մնացի ճզմուած` իմ մտածումիս տակ, թէ այս մանուկին նման «Մենք եկեղեցի չունինք» ըսող եւ այդպիսի միւռոնազուրկ կրթութեամբ ու փքոցուած հոգիով մեծցող բազմաթիւ զաւակներ կան այսօր հայ անունով հպարտացող, բայց հայութեան «Մայր» տաճարին հանդէպ անհոգ մարդոց ձեռքով կառավարուող դպրոցներու ու կազմակերպութեանց մէջ, որոնք «հայ» անունով կը սկսին ու «միութիւն» անունով կը վերջանան, բայց հայութեան բաժանումին կը ծառայեն:

Սա նոր սերունդին այդպէս հականուիրապետական խմորումը ինչի՞ պիտի ծառայէ կամ որո՞նց շահ պիտի բերէ` հայ մանուկներու ուծացումը իրենց եկեղեցիէն:

Որովհետեւ կան նոյն հոգեզրկումի մէջ պահուող պատանիներ ու երիտասարդներ եւս: Երբ ես տաճարին բակը մտայ ու բաժնեցի գանգատս ինծի բարեւողին, հոն, նոր համալսարան մտած ուսանող մը ըսաւ` իր հոգեծարաւ աչքերը յառելով Հայոց խորանին.

– Չորս տարի, երկրորդական վարժարանի ուսմանս ամբողջ շրջանին, մեզի արգիլուեցաւ այստեղ գալ… Յանցանք կը նկատուէր այս մասին մտածելն իսկ… Ու հիմա իմ շրջանաւարտ ընկերներէս շատերը վարժուած են որեւէ եկեղեցի չերթալ…

Մեր «ազգապահպանութեան» ճառերուն հեգնանք մըն է մտածել, թէ «հայեցի հովանի»-ներու տակ կը մեծցուի նոր սերունդ մը, որ միտքով ու հոգիով պիտի խմորուի հակահոգեկան, ու վաղը դիւրաւ անշուշտ` անկրօնութեան քողին տակ, պիտի ըլլայ նաեւ պարպուած իր ցեղային ինքնագիտակցութենէն:

Աստուծոյ Օգնականները

Պէյրութ քաղաքը մեր բնակած տարին, օր մը միջինքի չորեքշաբթի առաւօտուն, ես մեր տունէն քալելով կը բարձրանայի դէպի Ս. Նշան մայր եկեղեցի տանող փողոցն ի վեր:

Քանի մը քայլ առջեւէս զոյգ կը յառաջանային լաւ հագուած այր մը եւ կին մը` իրարու թեւ տուած:

Ու դիմացէն երեւցաւ առանձին մարդ մը, որ եկեղեցիին հակառակ ուղղութեամբ կ՛իջնէր փողոցն ի վար:

Անոնք բարեւեցին զիրար ու կանգ առին դէմ առ դէմ: Ու ես, մինչեւ իրենց հասնիմ եւ անցնիմ, լսեցի սա կարճ խօսակցութիւնը.

– Ո՞ւր այսպէս, առաւօտուն կանուխ, այր ու կին, խելօք-խելօք դպրոցականներու նման:

– Եկեղեցի՛ կ՛երթանք, – պատասխանեց այրը ժպտելով. – միջինքի չորեքշաբթի է, եւ Ս. Նշանի մէջ արեւագալը Անթիլիասի դպրեվանքի սաները կ՛երգեն: Դուք ալ չէ՞ք գար` շուկայ մտնելէ առաջ ափ մը լո՛յս առնելու ձեր երեսին…

– Դուրսի այս արեւոտ աշխարհը ձգած` դուք այդ մթնած կամարներո՞ւն տակ կ՛երթաք լոյսը փնտռելու, – հեգնեց դէմի մարդը:

– Հապա դո՞ւք ուրկէ կը փնտռէք ձեր մոլորած հոգիներուն սեւը լուալու լոյսը, – փոխադարձեց տիկինը` բարեկամի մը յանդիմանական շեշտով:

– Մենք` կորուսեալներս ո՛չ եկեղեցի կը ճանչնանք, ո՛չ եկեղեցական, ո՛չ աղօթք ունինք, ո՛չ շարական, – ըսաւ մարդը` կատակերգական բեմէն տող մը արտասանողի պէս ու շարունակեց իր վայրէջքը արագօրէն:

Ես դանդաղած քայլերով կը շարունակէի վերելքը` առանց ետիս դառնալու, ապշած բոլորովին, որ այդ ամբողջ խօսակցութիւնը կատարուած էր հայերէն բառերով: Ետեւէս վերելքող զոյգը դեռ կը խօսակցէր բարձրաձայն, բայց ես չէի կրնար այլեւս զանազանել իրենց նախադասութիւնները: Երբեմն կինը աւելի զայրոյթով իր ձայնը բարձրացուցած միջոցին կցկտուր բառեր կը հասնէին ականջիս. «Սա թաղին բնակիչ… Հինգ տարի… Ո՛չ ժամ, ո՛չ պատարագ… Ի՜նչ անուշիկ կին… Զաւակներու կրթութիւն… Մե՜ղք…»:

Ու ես եկեղեցի մտայ ծանրացած քայլերով: Ժողովուրդը խուռնախիտ լեցուած էր, կայծկլտացող ջահերու լոյսին տակ խոնարհած` հազար գլուխներ: Ետեւի շարքի նստարաններէն մէկուն վրայ ինծի տեղ տուաւ ծանօթ մը` հոգիէն բարեւող ժպիտով մը եւ քիչ մը անդին հրելով իր քովը նստած տիկինը:

Արեւագալի երգերը զմայլելի ներդաշնակութեամբ կը հեղեղուէին եւ անիմանալի լոյսը կը բաշխէին հոգիներու բաժակին.

«Լոյս, Արարիչ լուսոյ, Առաջին Լոյս,
Բնակեալդ ի լոյս անմատոյց,
Ի ծագել լուսոյ առաւօտուն`
Ծագեա՛ ի հոգիս մեր
Զլոյս քո իմանալի…»

Ժողովուրդը երբեմն ոտքի կ՛ելլէր, կ՛ալեկոծէր, երբեմն ետ կը հանգչէր: Բայց ես նստած տեղս ընկղմեր էի. կարծես` չէի կրնար ոտքի կանգնիլ` չխանգարելու համար սիրտէս միտքիս բարձրացող ալիքները: Կը մտածէի լոյսէ ու սէրէ պարպուած հոգիներու մասին, որոնք իրենց մէջ այդ պարապութիւնը լեցնելու համար չունէին այլեւս երգ ու աղօթք. ունէին միայն ծաղր ու խաւար… Միտքիս մէջ կը դարձնէի ու կը ծրագրէի, թէ արդեօք կարելի չէ՞ր, որ մեր դպրոցներու դասագիրքերուն մէջ, ու` Կիրակնօրեայ դպրոցներու միջոցով, նաեւ հայ երիտասարդական բեմերէն, ու հայ մամուլի էջերով աւելի՛ յստակ շեշտ մը դրուէր հայ ժողովուրդի միութեան եւ ամրութեան կեդրոն եղած Հայց. եկեղեցւոյ պատմական դերին ու ներկայ առաքելութեան վրայ, որպէսզի աճող նոր սերունդներ տրամաբանուա՛ծ ազգային բարեպաշտութիւն մը ունենան…

Ու երբ անգամ մը եւս ամբողջ ժողովուրդը ոտքի էր կանգնած, ես իմ նստած տեղս զգացի ծանր ձեռք մը ուսիս, որ զիս կը մշտէր: Անպայման բարեպաշտ մը ըլլալու էր, որ հոգեւոր գայթակղութիւն կը նկատէր` ամէն մարդու ոտքի կանգնած այդ պահուն` իմ այսպէս նստած մնալս գլխահակ…

Ես կարեւորութիւն չտուի խթանումին. տեղէս չերերացի` զգացնելով մարդուն իմ բողոքս ալ, թէ ինք ի՞նչ իրաւունք ունէր իմ վարմունքիս միջամտելու: Բայց ձեռքը անգամ մը եւս մշտեց ուսիս` զօրաւոր, թերեւս քնացած կարծեց զիս մարդը, կամ` անզգայ…

Այս անգամ ետիս դարձայ, գլուխս օրօրելով ու ժպտելով, ըսելու ձեւով մը, թէ ես դեռ ո՜ղջ էի եւ կ՛ուզէի, որ զիս թող տար իմ հասկցած բարեպաշտութեանս…. Նո՛յն անծանօթ մարդն էր` քիչ առաջ ճամբուն վրայ հանդիպած, որ թերեւս իրենց խօսակցութենէն շարունակուող նոյն տպաւորութեան տակ կը կարծէր, որ անհաւատ մը եւս զգաստութեան կը կանչէր եկեղեցւոյ մէջ ալ… Ան ետ նստաւ իր տեղը, հակեցաւ ինծի եւ ըսաւ.

– Ի՞նչ օգնութիւն է խնդրածդ Աստուծմէ, որ չե՛ս ստանար ու ոտքի չես ելլեր…

– Ա՜հ, բարեկա՛մ, – պատասխանեցի ես, – մենք կ՛ապրինք այնպիսի թշուառ ու տգէտ մարդոց աշխարհի մը մէջ, որ մեր պարտականութիւնն է օգնե՛լ Աստուծոյ, ո՛չ թէ Իրմէ օգնութիւն խնդրել…

– Օգնե՜լ Աստուծո՞յ… մեղա՜յ, մեղայ, – շշնջաց ան` բոլորովին գայթակղած հաւատացեալի անկեղծութեամբ:

– Անշո՛ւշտ, – հաստատեցի ես. – մենք պէտք չէ՛ որ աշխարհը բարեփոխեու ամէն պատասխանատուութիւն Աստուծոյ վրայ ձգենք ու մենք միայն երգենք-աղօթենք:

– Ա՜, ուրեմն ա՛յդ է պատճառը, որ եկեղեցականներուն կ՛ըսեն` «Աստուած օգնական»… Բայց, – աւելցուց ան` շունչ մը առնելէ ետք, – օգնականները այնքան շատ են, որ կը խանգարե՜ն Աստուծոյ գործը…

ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Լուսինին Պահուած Բաժինին Վրայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?