Տիպարներ
Արդարադատը
Ամէն կողմ մատի վրայ կը համրուին արդարադատ կամ արդարակորով անձեր:
Նկատումներով լեցուն մեր աշխարհին մէջ առանձին հաշիւներ ու շահեր պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ գործեն որոշ վերապահութիւններով:
Արդարութիւնը յաճախ կը խաչուի բոլորին աչքերուն առջեւ, եւ անոր խաչելութեան իրազեկ մարդիկ կը լռեն: Լռութեան մեղսակցութիւնը երեւան կը հանէ անոնց կորովի պակասը եւ արդարութեան հանդէպ անտարբերութիւնը:
Կանգնիլ պաշտպան արդարութեան, թոյլ չտալ, որ ուրացուին ու ոտնահարուին ճշմարտութիւններ, բացառիկ կորովի տէր մարդոց գործն է: Եւ որովհետեւ անոնք օժտուած են արդարամտութեան զգացումով ու կը գտնեն մարդկային արժանապատուութեան դէմ` լռել անարդարութեան առջեւ, ուստի հրապարակ կ՛իջնեն, ի գին ամէն զրկանքի, ու կը պայքարին ճշմարտուրաց անձերու եւ մարմիններու դէմ:
Արդարադատ անձ մը իր առանձին շահերէն գերիվեր կը նկատէ ճշմարտութեան պաշտպանութիւնը:
Պայքար մղել արդարութեան սիրոյն` հաւասար է հեղեղի տալ սեփական շահերն ու իրաւունքները: Որովհետեւ մարդիկ դաժան են առհասարակ անոնց դէմ, որ իրենց անարդարութիւնները կը մերկացնեն ու կը պայքարին իրենց քմածին արարքներուն դէմ:
Արդարակորովութիւնը հաւասար է հերոսութեան:
Ուղիղ խօսքը հատու զէնք մըն է, որուն դէմ պաշտպանուիլ կ՛ուզեն անարդար արարքներու հեղինակներ: Անոնք պայքարի միջոցներու մէջ խտրութիւն չեն դներ, եւ եթէ իրենց դէմ ծառացող անձը մերկացումներ կը կատարէ մարմիններու կամ շարք մը անձերու դէմ, այս վերջինները ճակատ կազմած` խարդախ միջոցներով ու զէնքերով կ՛աշխատին չէզոքացնել թափը հակառակորդին մերկացումներուն:
Դատարաններու կամ դատական մարմիններու առջեւ կը հանեն կեղծ վկաներ, կ՛ընեն իրենց հերթին ամբաստանութիւններ ու կը նկրտին զօրաթափել արժէքը իրենց դէմ շղթայազերծուած մերկացումներուն:
Այսուհանդերձ, արդարադատ մարդիկ անպակաս են ամէն կողմէ: Քաղաքական կեանքի մէջ անոնց մերկացումներու եւ դիմազերծումներու շարքը կը հասնի մինչեւ իշխանութեան պատասխանատու աթոռներու վրայ բազմած պաշտօնատարներու, միութիւններու մէջ` մարմիններու ղեկավարութեան եւ վարչական գործառնութեանց գլուխը կանգնած անձերու, հոս-հոն բոլոր տեսակի զեղծարարներու, խարդախներու եւ օրինազանցներու, որոնք կը գործեն յօգուտ իրենց գրպանին, եսին կամ փառքին:
Այս պայքարը կը նմանի անհատի պայքարին` մղուած հաւաքականութեան դէմ: Զարմանալի չէ բնաւ, որ պարտուողը կ՛ըլլայ ընդհանրապէս անհատը, որ հակառակ իր ամբասիր նկարագրին` ի վերջոյ սադրանքներով սնած նենգամիտ բազմութեան մը կոյր կիրքերուն զոհ կը դառնայ:
Պայքարի մէջ պարտութիւնն է ասիկա տոքթ. Շթոքմանի, որուն մասին առնական էջեր տուած է Իպսէն: Դարձեալ պարտութիւնն է ասիկա Կիյոմ Թելի, որ կը հարկադրուէր իր սիրասուն զաւկին գլխարկին վրայ դրուած խնձորին նշան առնել` ընթացք տալու համար բռնակալ Կիսլերի վայրագ պահանջին:
Արդարադատ անհատականութիւններու պայքարը որքան ալ պարտութեամբ վերջանայ յաճախ, ան հետքեր կը ձգէ զանգուածներու հոգիին մէջ: Ամբոխները կը զգան, որ բռնութեան ներքեւ արհեստականօրէն պարտութեան մատնուած է արդարակորով անձ մը, բայց կը զգան միանգամայն, որ արդարութիւնը անոր կողմն է. անոր ըսածն է ուղիղ: Եւ ուղիղ նախատեսութիւններ ու ճիշդ գուշակութիւններ կան, որոնք բառ առ բառ կը դառնան իրականութիւն, մինչ բռնութեան թաթը կորուստի մատնած է անոնց հեղինակները:
Այն ատեն պատմութիւնը կը հասնի վկայութեան ու կը սրբանայ մաքրամաքուր գաղափարական անձը, որուն վախճանը մերթ հալածանքը, մերթ բանտը եւ կամ մահը եղած է:
Ամէնուն տրուած առաքինութիւն մը չէ կանգնիլ եւ ընդդիմադիրներէ բաղկացած ժողովի մը առջեւ դիմակազերծումը կատարել մարդոց, որ իշխանութիւն մը զարտուղի միջոցներով ձեռք անցուցած` կը կատարեն քմահաճ ու վնասակար արարքներ:
Կան ու պիտի գտնուին սակայն, միշտ ալ, արդարակորով եւ անշահախնդիր անձեր, որ յանուն ճշմարտութեան` բարձրաղաղակ պիտի բարբառին եւ ըսեն այն, ինչ որ ուղիղ է, կամ այդպէս կը դաւանին իրենք:
Արդարութեան պաշտպանութիւնը զգացում մըն է, որ կրնայ մերթ սխալ տեղեկատուութեանց վրայ յենուլ ասիկա ճշդուելէ ետք, սակայն արդարութեան կուսակից անձեր չեն յամառիր շարունակել իրենց ամբաստանութիւնը: Անոնք հարիւրի վրայ իննսունինը, ներողութիւն կը խնդրեն իրենց տուած սխալ վկայութեան համար ու փակուած կը համարեն վէճը:
Արդարամտութիւնը սնափառ մտածում մը չէ: Սխալին, անարդարին սրբագրութեամբ, արդարութիւնը ծաւալել եւ ուղիղ գործ մը տեսնել է: Երբ կան սխալներ, երկուստեք պէտք է ընդունիլ: Եւ այդ կողմերէն ուղղամիտն ու մաքուրը ընդհանրապէս արդարութեան ախոյեան անձերու շարքին մէջ պէտք է փնտռել:
Թէ արդարակորով եւ անշահախնդիր անձեր եւ հոգիներ հալածուած են միշտ ու տուժած, ամէնուն ծանօթ ճշմարտութիւն մըն է:
Աստուածորդին անգամ չկարողացաւ խուսափիլ վատերու եւ շահամոլներու թշնամանքէն, երբ խարազանը վերցուցած` տաճարին առջեւ լումայափոխութեամբ զբաղող վաշխառուները ձաղկեց, երբ դիմակազերծեց Ս. Գիրքը սուտ մեկնողները: Այն ատեն բոլոր վատերը ատելութեամբ լեցուած` խաչ հանեցին զինք:
Պատմութիւնը կը շարունակուի նո՛յն ձեւով, տարբեր դիմակի եւ տարբեր երեւոյթներու տակ, բայց, ըստ էութեան, նո՛յն ոգիով, նո՛յն կիրքով:
Արդարադատին, ուղղախօսին ուղեղը իր լեզուին վրայ է, ուստի ճակատագրուած է թշնամիներով շրջապատուելու: Իր պարտութիւնը կրնայ դառնալ անխուսափելի:
Այդ պարտութիւնն է սակայն, որ հաւասար է յաղթութեան:
ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ