ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ` «ՄԱՅԱՏԻՆ»
ԵՒ «ԷՆ. ՊԻ. ԷՆ.» ԿԱՅԱՆՆԵՐԷՆ
Կիրակի, 25 մարտ 2018-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Մայատին» կայանէն հետեւեցէ՛ք ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հարցազրոյցին:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Բագրատունի հարցազրոյց պիտի ունենայ նաեւ «Էն. Պի. Էն.» կայանէն:
—————————————
ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԱԾ
Տէր եւ տիկին Արմէն եւ Լիւսի Արեւեան
բախտաւորուած են առջինեկ մանչ զաւակով մը`
ԱՐԱՄ
22 մարտ 2018-ին
—————————————
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Ծաղկազարդի տօնին առիթով, մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն ու պատանիներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ եւ ապա վեհարանին մէջ զիրենք պիտի ընդունի`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն, նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան մատուցուելիք Ս. եւ անմահ պատարագին, մանուկներու թափօրին եւ յետմիջօրէի Դռնբացէքի արարողութեան, լեցուելու համար Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 9:30-ին |
Քարոզ եւ թափօր` | ժամը 11:00-ին |
ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը, որ յաւուր պատշաճի պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆ
Հրաւիրուած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ`
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ ԵՒ ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, որ կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիին մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
Սուրբ պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:30-ին |
Մանուկներու թափօր` | ժամը 12:30-ին |
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւնը, դարձեալ նախագահութեամբ`
ԳԵՐՇ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ Դռնբացէքի արարողութեան` հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ`
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Սկիզբ Ս. պատարագի` | ժամը 10:00-ին |
Մանուկներու թափօր` | ժամը 11:00-ին |
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն, որ պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան Ս. պատարագին եւ Դռնբացէքի արարողութեան, լսելու հայր սուրբին պատգամը եւ հաղորդուելու Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
Էշրեֆիէ
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Կիրակի, 25 մարտ 2018 ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` | ժամը 7:30-ին |
– Ս. պատարագ` | ժամը 9:00-ին |
– Քարոզ` | ժամը 10:30-ին |
– Մանուկներու թափօր` | ժամը 11:00-ին |
– Մանուկներու օրհնութիւն դասին մէջ` | ժամը 11:15-ին |
ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻՆ
– ԴՌՆԲԱՑԷՔ` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:
Օրուան արարողութեանց կը հանդիսապետէ, Ս. պատարագը կը մատուցէ եւ կը քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՀՐԱՆԴ ՎՐԴ. ԹԱՀԱՆԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հայորդիները հոգեպէս ծաղկազարդուելու եւ իրենց հոգիի դռները բանալու մեր Տիրոջ` Քրիստոսի համար:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այսու կու գանք յայտարարելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 25 մարտ 2018-ին կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը` Ծաղկազարդի տօնը:
Տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պիտի պատարագէ եւ յաւուր պատշաճի քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան:
ՀՈԳՇ. Տ. ԹԱԹՈՒԼ ԱԲՂՅ. ԳԱՐՏԱՆԱՔԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
Պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Մանուկներու Ծաղկազարդի թափօր` | ժամը 11:30-ին |
Երեկոյեան Դռնբացէքի արարողութիւն | ժամը 5:00-ին |
Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
Մանուկներու Ծաղկազարդի թափօր` | ժամը 11:30-ին |
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան Ս. խորհուրդով:
ԾԱՆՕԹ.- Փոքրիկներու թափօրը տեղի պիտի ունենայ յետ պատարագի:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԺՈՒՆԻԷԻ,
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ
ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՀԵԹՈՒՄ ԱԲՂՅ. ՏԱՂԼԵԱՆ
– Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 8:00-ին |
– Պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
– Քարոզ` | ժամը 11:00-ին |
– Մանուկներու թափօր` | ժամը 12:00-ին |
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ դռնբացէքի արարողութիւն, որ պիտի կատարէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՀԵԹՈՒՄ ԱԲՂՅ. ՏԱՂԼԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան Ս. պատարագին եւ յետմիջօրէի արարողութեան, լսելու պատգամը եւ հաղորդուելու Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
ՏՕՆ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ
ՏԷՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ Ի.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Ծաղկազարդի տօնին առիթով հայրապետական Սուրբ պատարագը պիտի մատուցէ եւ քարոզէ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ, կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ
—————————————
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ` Ծաղկազարդի տօնին առիթով:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՕՇԻՆ ԱԲՂՅ. ՉՈՒԱԼԵՐԹԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` | ժամը 7:30-ին |
Ս. պատարագ` | ժամը 10:00-ին |
Թափօր` | ժամը 11:30-ին |
Դռնբացէք` | ժամը 5:00-ին |
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները` մասնակցելու սոյն հոգեպարար արարողութեանց եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Զալքա
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Ժամը 8:30-ին` Թիւ Ս. պատարագ-ուռօրհնէք
Ժամը 10:30-ին` Ձայնաւոր Ս. պատարագ
Հանդիսապետութեամբ`
ԱՐՀԻ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԽԱԶՈՒՄԵԱՆի
Ժամը 11:30-ին` Ուռօրհնէք եւ թափօր
Ժամը 12:00-ին` Անդաստան
Ժամը 17:00-ին` Դռնբացէք
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Զալքա:
—————————————
«ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ» ՖՈՆՏ
ԿՈՉ
Սիրելի՛ հայրենակից,
«Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին դիմած է 42 տարեկան ընտանիքի մայր մը, որ երեք ամիսներէ ի վեր լեարդի բարդ հիւանդութենէ կը տառապի:
Ան լեարդի պատուաստումի համար Ֆրանսա պիտի փոխադրուի:
Նախնական ծախսերը կը նախատեսուին 255.000 եւրօ:
Ընտանիքին եւ հարազատներուն ճիգերով հաւաքուած է որոշ գումար մը: Սակայն ծախսերը ամբողջացնելու համար անհրաժեշտ կարիքը կայ ձեր նուիրատուութիւններուն:
Այս իմաստով դարձեալ ձեզի կը դիմենք, սիրելի՛ հայրենակիցներ` լիայոյս ըլլալով, որ պիտի ընդառաջէք «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտի կոչին:
Վստահ եղէք, որ ինչպէս նախորդ կոչերուն, այս անգամ եւս ձեր նուիրատուութեամբ կեանք մը փրկած պիտի ըլլաք:
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել ԱՖՀԻԼ-ի, «Ճինիշեան»-ի եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոններուն մէջ:
ՄԻՋԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
—————————————
ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հովանաւորութեամբ`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԹԱՏՐՈՆԻ, ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ, ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ,
ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐՈՒ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻՆ
Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Թատրոնի նուիրեալներուն`
ՆՈՒՊԱՐ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ – ՅՈՎՍԷՓ ԳԱՓԼԱՆԵԱՆԻ –
ԶԱՒԷՆ ՊԱԱՔԼԻՆԻԻ – ՅԱԿՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ – ԿԱՐՕ ՔԻՐԻԱՔՈՅԻ
Օրուան բանախօս`
ԱՐՈՒԵՍՏԱԲԱՆ ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Խօսք կ՛առնեն նաեւ բեմադրիչ եւ դերասան ՄՈՒՆԻՐ ՔԵՍՐՈՒԱՆԻ
Դերասան` ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 27 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
—————————————
ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
58-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՑԿԵՐՈՅԹ
Պարգեւատրութիւն
Ներկայութեամբ`
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Լուսարարապետ
ԳԵՐՇ. Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԵՊՍ. ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ
Կիրակի, 29 ապրիլ 2018, կէսօրուան ժամը 12:00-էն սկսեալ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Տըպպայէ:
—————————————
ՍՏԱՑԱՆՔ
MY FATHER. A MAN OF COURAGE & PERSEVERANCE,
A SURVIVOR OF STALIN’S GULAG
RUBINA PEROOMIAN MINASSIAN
Los Angeles – 2017
—————————————
ԾԱԽՈՒ ՇՔԵՂ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Նորակառոյց, 7 յարկանի շէնք, իւրաքանչիւր յարկ մէկ յարկաբաժին, 210 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, 2 հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, ընդարձակ խոհանոց, սպասուհիի սենեակ, լայն պատշգամներ, մթերանոց + ջրհոր + անձնական կառատուն:
Գեղատեսիլ դիրք:
Հասցէ Զալքա, «Պիպլոս» դրամատան անկիւնադարձէն վեր, Հարպոյեան շէնքերու կից:
Դիմել` հեռաձայն 01-324172 կամ 76-568201 թիւերուն:
—————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին ետեւ, 160 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 3 բաղնիք, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք + վերելակ + կառատուն:
Դիմել` հեռ. 03-893732:
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:
—————————————-
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
19 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ