Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Մարտ 1968)

Մարտ 27, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յայտարարութիւն

Կիրակիի ընտրութեանց առիթով Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանին մէջ հայութեան մասնակցութեան եւ ՀՅ դաշնակցութեան ընտրական աշխատանքներուն շուրջ երէկուան մամուլին եւ մասնաւորաբար «Լ՛Օրիան»-ի մէջ տեղ գտած էին կարգ մը անհիմն ու անճիշդ զրոյցներ, որոնք իրականութեան բոլորովին անհամապատասխան եզրակացութիւններու կը տանէին ֆրանսատառ թերթը:

Այս առիթով ՀՅ դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն «Լ՛Օրիան»-ին յանձնեց հետեւեալ յայտարարութիւնը, որ իբրեւ ճշդում հրատարակուած է թերթին այսօրուան թիւին մէջ:

«Վերջ տալու համար կիրակիի ընտրութեանց` հայերու եւ մասնաւորաբար Դաշնակցութեան մասնակցութեան մասին տարաձայնուած դիտումնաւոր զրոյցներուն, որոնց արձագանգ կը հանդիսանայ մամուլը, ՀՅ դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն կը յայտարարէ, որ`

ա) Հայերը քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարեցին լիբանանեան միւս համայնքներուն նման:

բ) Կուսակցութիւնը յարգեց իր յանձնառութիւնները ցանկին հանդէպ` աւելի քան 5000 ձայն տալով անոր (հայ քուէարկողներու երկու երրորդէն աւելին) եւ այս` հակառակ այն իրողութեան, որ հայ երեսփոխանները ընտրուած էին առանց մրցակիցի:

գ) Ի մասնաւորի, Դաշնակցութենէն ներս կարծեցեալ ճեղքի մը վերաբերեալ շինծու զրոյցները բոլորովին անհիմն են: Դաշնակցութիւնը այս երկրին մէջ ունեցած է միայն մէկ քաղաքականութիւն. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»:

Ի մօտոյ հնարաւորութիւնը պիտի ունենանք պաշտօնական թիւերով եւ վիճակագրութիւններով կատարելու ընդհանուր վերլուծումը Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանի արդիւնքներուն:

Այժմէն իսկ, սակայն, հիմնուելով մեր տրամադրութեան տակ գտնուող թիւերուն վրայ, ի վիճակի ենք յայտարարելու, որ ՀՅ դաշնակցութիւնը, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս հաւատարիմ մնաց իր յանձնառութիւններուն, ու մեր շարքերն ու համակիրներու լայն զանգուածը մէկ մարդու պէս կանգնեցան մեր ցանկակիցներուն կողքին` հակառակ այն իրողութեան, կը շեշտենք, որ հայ երեսփոխանները ընտրուած էին արդէն առանց մրցակիցի:

 

Երէկ Գիշեր Ժամը 21:40-ին Երկիրը
5
Երկվայրկեան Շարժեցաւ Լիբանանի Մէջ

 Շարժին Կեդրոնը Կը Գտնուէր
Ժունիէ-Ղազիր Շրջանը

16 մարտ 1956-ի երկրաշարժէն 12 տարի եւ ճիշդ 10 օր ետք ու գրեթէ նոյն ժամուն երկիրը երէկ դարձեալ ցնցուեցաւ  Լիբանանի մէջ: Միջակ ուժգնութեամբ ցնցում մը երէկ գիշեր ժամը 9:40-ին զգացուեցաւ մայրաքաղաքին մէջ, որուն բնակիչները, յատկապէս` արեւելեան թաղերուն մէջ, փողոց վազեցին` սարսափի մատնուած:

Խուճապային վիճակով մը բազմաթիւ պէյրութցիներ ինքնաշարժներով փութացին ժընահի քորնիշը, հակառակ անոր որ նման պարագաներու խոհեմութիւն չէ ծովուն մօտենալ: Ուրիշներ, անկողին եւ վերմակ առած, մտածեցին գիշերել բացօթեայ` հակառակ գիշերուան ցուրտին:

Քսարայի դիտարանին տնօրէնը` հայր Փլասար, որ շուտով օրուան մարդը դարձաւ, յայտարարեց, որ շարժին կեդրոնը կը գտնուի Քսարայէն 35 քմ հիւսիս-արեւմուտք, մօտաւորապէս Ժունիէ-Ղազիր շրջանին մէջ: Ըստ հայր Փլասարի, շարժին զօրութիւնը իր կեդրոնին մէջ 6 աստիճան է, իսկ միջինը` 4, համաձայն Մերքալի միջազգային աստիճանաչափին, որ 12 աստիճան ունի:

Իբրեւ բաղդատական` դիտարանին տնօրէնը աւելցուց, որ 1956-ի շարժը, որ հարուածած էր Շուֆը, իր կեդրոնին մէջ 9 աստիճան էր:

Հայր Փլասարի համաձայն, երկրաշարժը զգացուած է 120 քմ տրամագիծով շրջանակի մը մէջ: Տեւած է մօտ 5 երկվայրկեան:

Հայր Փլասար յայտնեց նաեւ, որ այս մարզին մէջ թէեւ նախատեսութիւններ կարելի չէ ընել, բայց պէտք է զգուշանալ չափազանցեալ վախէ, մանաւանդ որ շարժը հորիզոնական է: Արդարեւ, երկրաշարժերը կա՛մ հորիզոնական կ՛ըլլան, կա՛մ ուղղահայեաց: Հորիզոնականները նուազ վտանգաւոր են, քան` ուղղահայեացները, որոնք վարէն վեր ուղղութիւն ունին ու աղէտալի հետեւանքներ կրնան ունենալ:

Մինչեւ ուշ գիշեր կարելի չեղաւ իմանալ, թէ ցնցումը զոհ խլա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պուրճհամուտեան Օրագիր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In