«ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ»-ՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-ԷՆ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՂՈՐԴՈՒՄՆԵՐ
27 մարտի` «Թատրոնի միջազգային օր»-ուան առիթով, «Վանայ Ձայն» այսօր` երեքշաբթի, 27 մարտին կը ներկայացնէ յատուկ հաղորդումներ.
Առաւօտեան ժամը 9:30-ին, «Բարեւ» յայտագիրէն հանդէս կու գան լիբանանահայ թատրոնի նուիրեալներ Նուպար Մանուկեան, Յովսէփ Գաբլանեան, Զաւէն Պաաքլինի, Յակոբ Գալայճեան եւ Կարօ Քիրիաքօ, որոնք երեկոյեան պիտի մեծարուին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան մեծարանքի յատուկ հանդիսութեան, զրոյցին կը մասնակցի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տէմիրճեան:
Կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Երեւանեան անդրադարձ» յայտագիրով, «Վանայ Ձայն»-ի Երեւանի աշխատակիցը` Վահագն Զաքարեան հայրենի թատրոնի նորութիւններուն մասին կը զրուցէ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնի ղեկավար Ռուբէն Բաբայեանի հետ:
Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, «Քըլ եոմ պիոյմու» յայտագիրով, Հալա Հատտատ լիբանանեան թատրոնի ներկային ու ապագային մասին կը զրուցէ դերասան-բեմադրիչ Ժորժ Խապպազի հետ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Պօղոս Բարիքեան եւ զաւակունք
Գերշ. Տ. Մեղրիկ եպս. Բարիքեան
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր եւ մեծ մօր`
ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՄԱՐԻ ԲԱՐԻՔԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Զահլէ, 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 25 մարտ 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 28 մարտ 2018-ին, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին հանգուցեալին բնակարանը` Ֆանար, «Սըխըն» շէնք:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Ֆանարի մատրան:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Այանեան եւ Աֆարեան ընտանիքներ
Քէօշէեան եւ Քարապաճագեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՄԱՐԻ ԱՅԱՆԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 26 մարտ 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 28 մարտ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել ՔԱՀԼ-ի ծերանոցին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ալիս Գէորգեան-Արթին
Տէր եւ տիկին Ներսէս եւ Մակի Արթին եւ զաւակը` Սերենա
Տէր եւ տիկին Վարդիվառ եւ Սիւզի Գասապեան եւ զաւակները` Հրայր եւ Աւօ
Տէր եւ տիկին Սամ եւ Ծովիկ Քէօշկերեան եւ զաւակը` Տիգրան
Տէր եւ տիկին Անդօ եւ Երան Արթին եւ զաւակունք
Տիկին Ռոզին Թէնքէրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Թէնքէրեան եւ զաւակը
Բրուտեան եւ Կարապետեան ընտանիքներ
Գէորգեան եւ Արթին ընտանիքներ
Գասապեան եւ Քէօշկերեան ընտանիքներ
Թէնքէրեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ԱՒԵՏԻՍ ԱՐԹԻՆ ԱՐԹԻՆԻ
(Ծնեալ` 1944-ին)
անակնկալ մահը, որ պատահեցաւ շաբաթ, 24 մարտ 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ երկուշաբթի, 26 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին երեքշաբթի, 27 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիար Սարգիս Պօղոսեան եւ զաւակը` Համբիկ
Արժ. Տ. Խաչատուր Ա. քհնյ. եւ երիցուհի Մարի Պօղոսեան եւ ընտանիք (Ֆրանսա)
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Անահիտ Ճալոյեան եւ ընտանիք
Տիկին Նարդիկ Պուլտուքեան եւ ընտանիք
Տիկին Ծովիկ Օհաննէսեան եւ ընտանիք
Օրդ. Լուսին Պօղոսեան
Տէր եւ տիկին Արտաւազդ Պօղոսեան
Տիկին Շամիրամ Արապեան եւ ընտանիք
Տիկին Ռոզին Կիրակոսեան եւ ընտանիք
Աքըլ եւ Ճուլֆայեան ընտանիքներ
Մկրտիչեան եւ Մխձեան ընտանիքներ
Աղէկեան եւ Յակոբեան ընտանիքներ
Առաքելեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւկին, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր, եղբօր զաւկին, քրոջ զաւկին եւ հարազատին`
ԳԷՈՐԳ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 25 մարտ 2018-ին, արկածի հետեւանքով:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ երեքշաբթի, 27 մարտին, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղման արարողութենէն ետք, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ չորեքշաբթի, 28 մարտին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել «Թռչնոց բոյն»-ին:
—————————————
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Աւագ հինգշաբթի, 29 մարտ 2018-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենան հետեւեալ արարողութիւնները.
– Ս. պատարագ` Առաւօտեան ժամը 10:00-ին
– Կարգ Ոտնլուայի` կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին
Ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊՕՂՈՍ ՎՐԴ. ԹԻՆՔՃԵԱՆ
– Խաւարման գիշեր` երեկոյեան ժամը 7:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` հաղորդակից դառնալու սոյն հոգեպարար արարողութեան:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ
Հովանաւորութեամբ`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԹԱՏՐՈՆԻ, ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ, ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ,
ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐՈՒ ՍԵՆՏԻՔԱՅԻՆ
Կազմակերպութեամբ`
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՍՊԱՐ ԻՓԷԿԵԱՆ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Թատրոնի նուիրեալներուն`
ՆՈՒՊԱՐ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ – ՅՈՎՍԷՓ ԳԱՓԼԱՆԵԱՆԻ –
ԶԱՒԷՆ ՊԱԱՔԼԻՆԻԻ – ՅԱԿՈԲ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ – ԿԱՐՕ ՔԻՐԻԱՔՈՅԻ
Օրուան բանախօս`
ԱՐՈՒԵՍՏԱԲԱՆ ԴՈԿՏ. ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Խօսք կ՛առնեն նաեւ բեմադրիչ եւ դերասան ՄՈՒՆԻՐ ՔԵՍՐՈՒԱՆԻ
Դերասան` ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 27 մարտ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:
—————————————
ԿԱՐԳ ԹԱՂՄԱՆ ԵՒ ԹԱՓՕՐ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Աւագ ուրբաթ, 30 մարտ 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին սրբազան արարողութիւնը:
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարէ, քարոզէ եւ թափօրը նախագահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան`
ՀՈԳՇ. Տ. ՍՄԲԱՏ ՎՐԴ. ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զակաները` մասնակից դառնալու եկեղեցական ժամերգութեան եւ թաղման թափօրին:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Էշրեֆիէ
ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2018
Յիշատակ Տասը Կուսանաց
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 7:30-ին
– Երեկոյեան ժամը 7:30-ին` Տասը Կոյսերուն նուիրուած ժամերգութիւն: Ժամերգութեան աւարտին երիտասարդական հաւաք եւ զրոյց «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ: Զրոյց-դասախօսութիւն` «ԿԵԱՆՔԻ ԱՄԷՆԷՆ ԲԵՂՈՒՆ ՏԱՐԻՔԸ»: Զեկուցաբեր` ՎԱՐԴԻ ՕՀԱՆԵԱՆ-ԳԷՈՐԳԵԱՆ, տնօրէն «Զուարթնոց» կեդրոնի: Զրոյցի աւարտին` հիւրասիրութիւն:
Սիրով հրաւիրուած են մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները յատկապէս երիտասարդ -երիտասարդուհիները:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Ռումիէի շրջան, կահաւորուած, 160 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեա կ,ճաշասենեակ,
3 բաղնիք, եւ յարակից մասեր, մթերանոց, 2 անձնական կառատուն, լողաւազան, գեղատեսիլ դիրք:
Ամսական1000$:
Դիմել` հեռ. 70- 222531:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
Անթիլիաս, Մզհեր, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրին ետեւ, 160 քառ. մեթր, 3 ննջասենեակ, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ, 3 բաղնիք, գեղատեսիլ եւ ծովահայեաց դիրք + վերելակ + կառատուն:
Դիմել` հեռ. 03-893732:
—————————————-
ԾԱԽՈՒ ՇԷՆՔ
Այնճարի Մէջ, 3 Յարկանի, Գին` 225000$: Դիմել` Հեռ. 03-321252:
—————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869
—————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եկեղեցւոյ կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն 2.000.000 լ. ո., Մարաշի հայրենակցական միութիւն 1.500.000 լ. ո., Յակոբ Չիլինկիրեան 1.000.000 լ. ո., Յակոբ Բագրատունի 500.000 լ. ո., Արամալեան եղբարք 600.000 լ. ո., Պետրոս Փամպուքեան 500.000 լ. ո., Արա Միքայէլ Կարապետեան 500.000 լ. ո., Ժաք Ղազարեան 450.000 լ. ո., Կարօ Կարապետեան 450.000 լ. ո., Յակոբ Լօշխաճեան 450.000 լ. ո., Ճորճ Գարամանուկեան 450.000 լ. ո., Գօգօ Տագէսեան 305.000 լ. ո., Հրաչ Յակոբեան 310.000 լ. ո., Անդրանիկ Մսրլեան 300.000 լ. ո., Շահէ Պարսումեան 300.000 լ. ո., Ռուպին Հաշեմ 300.000 լ. ո., Կարէն Աբրահամեան 300.000 լ. ո., Կարօ Վահրատեան 300.000 լ. ո., Վարուժ Պարսումեան 300.000 լ. ո., Կարապետ Թաշճեան 400.000 լ. ո., Ստեփան Տէր Պետրոսեան 500.000 լ. ո., Աւօ Աշճեան 300.000 լ. ո., Րաֆֆի Զագարեան 300.000 լ. ո., Յարութիւն Շահպազեան 200.000 լ. ո., Վարուժան Սարգիսեան 225.000 լ. ո., Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութիւն 200.000 լ. ո., Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութիւն 200.000 լ. ո., Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութիւն 200.000 լ. ո., Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւն 200.000 լ. ո., Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութիւն 200.000 լ. ո., Յարութ Ասլանեան 150.000 լ. ո., «Թիք-Թաք» հաստատութիւն 150.000 լ. ո., Ժան Մակարեան 150.000 լ. ո., Կիրակոս Նէնէճեան 150.000 լ. ո., Յովիկ Քէլէքեան 150.000 լ. ո., տիկին Արշօ Վէքիլեան 150.000 լ. ո., Միրէօ եւ Վերա Չափարեան 150.000 լ. ո., Ֆանարի մատրան թաղական խորհուրդ 150.000 լ. ո., «Ճոնի Պոյ» հաստատութիւն 100.000 լ. ո., Մանուկ Գուլաճեան 100.000 լ. ո., Գրիգոր Արապաղեան 100.000 լ. ո., Ճորճ Կրպոյեան 100.000 լ. ո., ազգային մը 100.000 լ. ո., ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչական եղբայրներ 100.000 լ. ո., «Սարօ» հաստատութիւն 75.000 լ. ո., «Պութիք Ռիվա» 50.000 լ. ո., ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղ 50.000 լ. ո., Ղուկաս Արա Կարէեան 60.000 լ. ո., Ներսէս Պետիկեան 300$, Հրայր Տանձիկեան 300$, Սարգիսեան եղբարք 300$, «Պայթարեան» հաստատութիւն 250$, Վարուժան Խանճեան 200$, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թաղականութիւն 200$, Աբրահամ Աբրահամեան 200$, Եղիկ Աբրահամեան 200$, Արշակ եւ Սիւզան Կոկոնեան 200$, «Մանիքս» հաստատութիւն 100$, օրդ. Կարինէ Պաղջէճեան 100$, Զատիկ Այնթապլեան 100$, Ռազմիկ Շէմէմեան 50$:
«Ներսէս Խանօ» հաստատութիւն 150 քկ ծեծած, Յակոբ Քիւփճեան պիւթակազները տրամադրեց` մատաղ եփելու համար, Պորանեան եղբարք 4000 տուփ` մատաղ լեցնել, «Տպարան Շիրակ»` հրաւիրատոմսերու տպագրութիւն, Պոյաճեան եղբարք 2 ոչխար, Յակոբ Քէշիշեան 1 ոչխար, Հաճընեան եղբարք 1 ոչխար, Թամար Լեհիմճեան 1 ոչխար, Մանուկ Սարգիսեան 80 քկ մոմ:
—————————————-
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 3 ՄԱՅԻՍ 2018-ԻՆ
. ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
4 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԵՒ
ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
19 ՄԱՅԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԱՂՔԱՏԱԽՆԱՄ ՄԱՐՄԻՆ
ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ
15 ՅՈՒՆԻՍ 2018
—————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳԱՅԵԱՆԷ» ՊԱՐԻ ԴՊՐՈՑ