Յայտարարութիւններ (8 Հոկտեմբեր 2018)
ՄԱՐԱՇԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ 2018-2019 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԿՐԹԱՆՊԱՍՏ Այսու կը յայտնենք, թէ Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւնը պիտի սկսի ընդունելու կարիքաւոր հայրենակիցներուն 2018/2019 տարեշրջանի կրթանպաստի դիմումները Կը խնդրուի հայրենակիցներէն անձամբ ներկայանալ վարչութեանս գրասենեակը, ամէն երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-էն 6:00: Ընդունման վերջին պայմանաժամն է ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2018-ն, որմէ ետք ներկայացուած դիմումները պիտի մերժուին: Բարի վերամուտ բոլորին: ԼԻԲԱՆԱՆԻ...





