50 Տարի Առաջ (15 Հոկտեմբեր 1968)
Կրթական Խնդիրներ Շատը Եւ Քիչը Կրթութեան Մէջ Ծնողներ կան, որոնք հոգի կու տան իրենց պտլիկ զաւակը մինչեւ վերջ գրքի եւ տետրակի վրայ հակած տեսնելու համար: Թող աշխատի, թող սորվի, ժամանակ թող չկորսնցնէ. ա՛յս է տուներու մեծ մասին մէջ հնչող սովորական կարգախօսը: Երբ մանուկը դպրոցէն դարձին դաս ու պարտականութիւն չունենայ կատարելիք, մայրերուն սիրտը կը նեղուի, եւ ոմանք նոյնիսկ չեն քաշուիր բարձրաձայն...



