ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Շինիչ եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է: Բացասական թրթռացումները եւ հարցերը ետ պիտի քաշուին հետզհետէ: Սրբագրեցէք ձեր սխալները եւ կատարեցէք ձեզի վստահուած գործերը: Ձեր դրացիներուն օգտակար դարձէք, երբ ձեզմէ օգնութիւն խնդրեն:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մի՛ լքէք ձեր սիրելիները եւ տունը: Անակնկալ մտահոգութիւններ եւ հոգեր պիտի ծագին: Հանդարտ կեցէք: Ընտանեկան վիճաբանութիւններէ զգուշ եղէք: Պիտի մտահոգուիք ձեր առողջական վիճակով: Փոփոխական տրամադրութիւն ունիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Մեծ աշխուժութիւն կը վայելէք այս օրերուն: Պիտի քննարկէք կարեւոր հարցեր, որոնք աչքի պիտի զարնեն: Պիտի չազդուիք տեղի ունեցած քննադատութիւններէն: Ձեր ընթացքը պիտի չդանդաղի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Նիւթական հարցերով պիտի զբաղիք: Անցեալի փորձերը կրկին փորձեցէք: Կանգ մի՛ առնէք, մինչեւ չհասնիք ձեր նպատակին: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Խրատներ պիտի տաք ձեր շուրջիններուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պիտի վերագտնէք ձեր դիրքը: Հարցերը պիտի դիտէք դրական ակնոցով եւ առարկայականօրէն: Ձեր վրայ եղած ճնշումները պիտի թեթեւնան: Հաստատ քայլերով յառաջ պիտի երթաք: Դրական շրջան մըն է, ժամանակ մի՛ վատնէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի ընդվզիք, որովհետեւ ուրիշները ձեզ պիտի չհասկնան: Ձեր ընթացքը պիտի դանդաղի եւ աշխուժութիւնը նուազի: Մի՛ ստորագրէք որեւէ պայմանագիր: Համբերութիւն ունեցէք: Խաբեբաներէն զգուշ եղէք: Արժէքաւոր բան մը պիտի կորսնցնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Աստիճանաբար պիտի բարձրանայ ձեր տրամադրութիւնը: Ձեր ընկերներէն մէկը ձեր կողքին պիտի կանգնի, եւ դուք պիտի հանգստանաք: Աշխատեցէք ընդունելի լուծումի մը հասնիլ` առանց յամառութիւն ընելու:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Համադրեցէք ձեր պարտականութիւններուն միջեւ եւ թոյլ մի՛ տաք, որ տակնուվրայութիւն տիրէ ձեր գործին մէջ: Ճնշումներու դիմաց մի՛ տկարանաք, այլ զգաստ եւ պարտականութեան գիտակից եղէք: Տագնապ եւ դժուար քննութիւն մը պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նոր ու հանգիստ փորձառութիւն մը պիտի ունենաք: Դրական պատասխան մը պիտի ստանաք: ճամբորդութեան մը համար պիտի ուրախանաք: Քաջալերանք եւ զօրակցութիւն պիտի ստանաք, հետեւաբար ձեռնածալ մի՛ մնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Անհոգ մի՛ գտնուիք վարչական թուղթերու նկատմամբ: Մասնագէտներու կարծիքը հարցուցէք: Ժառանգական կամ դրամատնային հարցեր երեւան պիտի գան: Մի՛ զայրանաք, այլ հանդարտօրէն փորձեցէք լուծել խնդիրները:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դիմադրութիւնը պիտի ծանրացնէ ձեր գործը: Պիտի նեղանաք ուրիշներու կեցուածքէն եւ ձեզի հանդէպ վերաբերումէն: Փոփոխական տրամադրութիւն ունիք: Պիտի ենթարկուիք մեղադրանքի եւ վատութեան: Օրէնքները յարգեցէք: Ամսուան ամէնէն վատ օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Լրջօրէն պիտի աշխատիք ձեր հարցերը լուծելու համար: Ձեր առողջական վիճակին հոգ տարէք: Աշխատեցէք պահել ձեր հանգստութիւնը: Դժուար փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Նոր մարդոց պիտի ծանօթանաք:
 
			