ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Ուշադիր եղէք ձեր ամէն մէկ խօսքին եւ ամէն մէկ դիրքին, որ կ՛որդեգրէք: Լուսինը մթնոլորտը պիտի մեղմացնէ: Հանդարտ ժամանակ է` ձեր գործերը վերատեսութեան ենթարկելու: Թերեւս թշնամական կեցուածքներու հանդիպիք, ուշադիր եղէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պայմաններու հակառակութիւն պիտի ըլլայ: Մի՛ զայրանաք կարելի եղածին չափ: Մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները: Դժուար տրամադրութիւն պիտի ունենաք: Պիտի ենթարկուիք դիմադրութիւններու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր գործերը պիտի շատնան. ձեր պարտականութիւնները եւ առողջական հարցերը իրարու պիտի անցնին: Կարգաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի թերութիւն չարձանագրէք: Նորութիւններուն հետ արագօրէն պիտի յարմարիք: Նոր ընթացք մը պիտի ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարողութիւնը ունիք ձեր պարտականութիւնները աւարտելու, պայմանաւ որ կանուխ գաք աշխատանքի: Սիրալիր հանդիպում մը պիտի ունենաք: Նոր աշխատանքի պիտի սկսիք: Հանգիստի պէտք պիտի ունենաք շաբթուան վերջաւորութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մի՛ լքէք ձեր տունը եւ սիրելիները: Անակնկալ հոգեր եւ մտահոգութիւններ պիտի ծագին: Ընտանեկան վիճաբանութիւններէ հեռու կեցէք: Փոփոխական տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք, բայց պէտք չկայ մտահոգուելու:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր ճամբորդութիւնները պիտի շատնան: Յարմար շրջան է` պտոյտ մը կամ համագումար մը կազմակերպելու: Ձեր պահանջները շատ թող չըլլան: Կոշտ ոճ մի՛ որդեգրէք ձեր ծանօթներուն հետ: Վիճաբանութիւններէ հեռու կեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր առողջական պայմանները նկատի առէք: Յաւելեալ գումարներ պիտի ծախսէք: Նոր ծրագիրներ պիտի մշակէք: Մասնագէտներու կարծիքը հարցուցէք: Յաջողութիւն պիտի արձանագրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Համարձակ էք եւ կը փափաքիք նոր որոշումներ որդեգրել: Պայմանները ի շահ ձեզի պիտի փոխուին: Նորութիւններ պիտի դիմաւորէք: Խանդավառ էք` նոր էջ սկսելու: Մեղմութեամբ քննարկեցէք եւ սխալին մի՛ լռէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մթնոլորտի հանդարտութիւնը օգտագործեցէք` ձեր հաշիւները վերատեսութեան ենթարկելու եւ ձերբազատուելու ձեզի պէտք չեղող հարցերէն: Բախտը ետ պիտի քաշուի: Պիտի հանդիպիք անձի մը, որ ձեզ պիտի նեղացնէ: Յուսահատեցնող շրջան մըն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Գեղեցիկ պահեր պիտի ապրիք: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ եւ բախտը զօրանայ: Հինէն մնացած հարց մը պիտի լուծէք, որովհետեւ ձեր ընկերներէն մէկը ձեր կողքին պիտի կանգնի: Յառաջանալու եւ զարգանալու շրջան մըն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Տաք զրոյցներէ հեռու կեցէք: Անակնկալ դէպքի մը պատճառով յոգնութիւն պիտի զգաք: Անձնական ճնշումներէ ուշադիր եղէք: Անակնկալ ծանօթութիւններ պիտի ունենաք: Ընտանեկան հարցեր պիտի ծագին, բայց շուտով պիտի յաջողիք զանոնք լուծել:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ: Պիտի ուրախանաք զարգացումի մը համար, որ պիտի օգնէ ձեր դատի լուծման: Յարմար շրջան է սխալներ սրբագրելու եւ նախկին փորձերը կրկնելու: Զօրակցութիւն եւ դաշնակիցներ փնտռեցէք:
 
			