ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Կարիքը ունիք մէկու մը օգնութեան, եթէ կ՛ուզէք աւարտել ձեր գործը որոշուած ժամանակին: Պատասխանատուութիւններէ մի՛ փախչիք, որքան ալ շատնան անոնք: Լաւ կարգաւորեցէք ձեր ժամանակը, որպէսզի թերութիւն չարձանագրէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պիտի յաջողիք զօրակցութիւն ապահովել: Հանդիպում մը պիտի ունենաք եւ յաջող ժողով մը պիտի գումարէք: Ձեր դիմաց երկու շաբաթ ունիք բազմապատկելու ձեր ճիգը եւ ժամանակը օգտագործելու ձեր աշխատանքները աւարտելու համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ընտանեկան եւ տան ճնշումները պիտի շատնան: Ընտանեկան տագնապ մը պիտի ստեղծուի: Պիտի մտահոգուիք մէկու մը առողջական խնդիրով: Հարցերէ ուշադիր եղէք: Ժամանցով շատ մի՛ տարուիք, որպէսզի չկուտակուին ձեր ընելիքները:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Հարցի մը լուծումով պիտի զբաղիք: Մի՛ բարդացնէք խնդիրները: Ձեր առողջութեան եւ ապահովութեան հոգ տարէք: Մթնոլորտը քիչ մը տագնապալից է, բայց մի՛ այպանէք ձեր սիրելիները եւ մի՛ մեղադրէք զանոնք իրենց գործած սխալներուն համար:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր նիւթական առաջնահերթութիւնները ճշդեցէք: Արմատական եւ ճակատագրական քայլեր պիտի առնէք: Նոր ծրագիր մը պիտի մշակէք: Փոփոխական շրջան մը պիտի ապրիք ձեր սիրելիին հետ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Փափաք ունիք դուրս գալու ձեր լճացած վիճակէն: Նոր ծրագիրի մը հիմը պիտի դնէք: Լուր մը կամ նշան մը պիտի ստանաք: Ամսականի յաւելում պիտի ստանաք: Նոր գործի առիթ մը պիտի ունենաք: Ժամանակը ի շահ ձեզի օգտագործեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր ընթացքը պիտի դանդաղի: Մի՛ աճապարէք, որպէսզի յուսախաբ չըլլաք: Ուշադիր եղէք, որպէսզի սեւ եւ բացասական միտքերու զոհ չերթաք: Տակնուվրայութենէ զգուշ եղէք: Ձեր դիմաց պիտի բացուին բախտի դռները:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Այլոց հետ գործակցիլը կարեւոր է ձեր շահերուն համար: Դուք պէտք ունիք օգնութեան: Օժանդակութիւն մը պիտի ստանաք: Աշխատեցէք վերադարձնել ձեր շրջապատին գործակցութեան ոգին: Յարմար շրջան է կարծիքներ փոխանակելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մի՛ աղաւաղէք ձեր անունը: Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք: Դատ մը պիտի շահիք եւ ժողովրդականութիւն պիտի վայելէք: Ընտանեկան վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Դրական սկիզբ մը պիտի ունենաք` նոր շրջան մը սկսելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Հարցերը պիտի լուծուին: Յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք եւ ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: Պիտի ունենաք ճնշումներ, որոնք ազդեցութիւն պիտի ձգեն ձեր վրայ: Ձեր ընկերները ձեզի պիտի զօրակցին:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Հանդիպումի մը կը պատրաստուիք: Տարբեր կողմերու համար ընդունելի լուծումներ պիտի գտնէք, պայմանաւ որ հրաժարիք ձեր կարգ մը տեսակէտներէն եւ կարծիքներէն: Ընկերային գետնի վրայ որոշ զարգացումներ պիտի ապրիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Այս օրերը քիչ մը տագնապալից պիտի ըլլան: Վիճաբանութիւններէ հեռու կեցէք: Օրէնքները յարգեցէք: Լուսինը իր բացասական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ձեր վրայ: Մի՛ բարձրացնէք ձեր ձայնը եւ մի՛ գանգատիք: Հակառակութիւններ պիտի պատահին, ուշադիր եղէք:
