ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Հարցի մը լուծումով պիտի զբաղիք: Մի՛ բարդացնէք խնդիրները: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Ձեր ջիղերը հանդարտ պահեցէք: Մթնոլորտը տագնապալից է: Մի՛ մեղադրէք ձեր սիրելիները: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Քննութեան պիտի ենթարկուիք կամ քննական մարմինի մը դիմաց պիտի կանգնիք: Տեսակցութիւններու եւ հանդիպումներու աշխուժ շրջան մըն է: Ձեր կարծիքը մի՛ պարտադրէք ուրիշներուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Նիւթական հարցերով պիտի զբաղիք: Պարտքի առած գումարները պիտի վճարէք: Իմաստուն եղէք ձեր դրամները ծախսելու մէջ, որպէսզի ձեր նիւթական հաւասարակշռութիւնը պահէք: Յաւելեալ պարտքի գումարներ մի՛ առնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ժամանակն է, որ առկախ հարցերէն ձերբազատիք: Ձեր սպասած պատասխանը պիտի ստանաք: Շարժեցէք, մի՛ սպասէք, որ առիթները գան ձեր քով, դուք գացէք անոնց ետեւէն: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք: Նոր սկիզբ մըն է: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Մի՛ ստորագրէք պայմանագիր, կամ նոր բան մը մի՛ սկսիք: Մթնոլորտը բացասական է, մրցակցութենէ հեռու կեցէք: Պատասխանէ եւ լուծումէ դատարկ շրջան մըն է: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է: Հեռու մնացէք յուսախաբութենէ եւ ուշացումէ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Նոր ծանօթութիւն մը պիտի հաստատէք: Ձեր կողքին ձեզի զօրակցող խմբակ մը պիտի տեսնէք: Կարեւոր համաձայնութիւններ պիտի կնքէք: Ինքնավստահ պիտի դառնաք: Նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք, կամ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կարեւոր խորհրդակցութիւն մը պիտի ունենաք. բան մը, որ նեղութիւն պիտի պատճառէ ձեզի: Յամառութենէ եւ բացասական միտքերէ հեռու կեցէք: Ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պիտի աւարտէք կարեւոր գործ մը, որ ուշադրութեան կեդրոն պիտի ըլլայ: Ձեր տրամադրութիւնները շատ պիտի բարձրանան: Նոր հարցով մը պիտի զբաղիք: Աշխուժ մասնակցութիւն պիտի ունենաք հարցի մը լուծման մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Աշխատեցէք յարմարիլ պայմաններուն եւ ներկայ վիճակին: Համաձայնութիւն փնտռեցէք եւ ոչ թէ` տարակարծութիւն: Մանրամասնութեամբ հետեւեցէք ձեր գործին եւ մի՛ թերանաք: Կարեւոր դեր պիտի խաղաք ձեր շրջապատին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Այս օրերը ամսուան ամէնէն վատ օրերը կրնան ըլլալ, հետեւաբար արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Հարց մը պիտի ծագի, եւ դուք ձեզ դժուարութեան դիմաց պիտի գտնէք: Թոյլ մի՛ տաք, որ յուսահատութիւնը ազդէ ձեր վրայ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Առաջնահերթութիւնները պիտի փոխուին: Ամբողջ օրը աշխուժութեամբ պիտի անցընէք: Ձեր ծրագիրները պիտի շատնան եւ գործերը իրար պիտի անցնին: Հանդարտ եղէք եւ` առարկայական: Դրական շրջան մըն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Լաւատես կ՛երեւիք: Դրական եւ արդիւնաբեր շրջան մըն է: Աւելի լաւ է կանուխ գալ աշխատանքի: Իմաստութեամբ վարուեցէք ձեր դրամին հետ: Շահ մը պիտի ապահովէք եւ ուրախ լուր մը պիտի ստանաք: