Մանչեսթըր Եունայթըտի գերմանացի միջնապահ Պասթիան Շվայնսթայկըր մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Շիքակօ Ֆայըրի հետ: Այս լուրը հաղորդեց Մէյճըր լիկի խումբը:
32 տարեկան Շվայնսթայկըր, որ այս տարեշրջանին սկիզբը միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի, չկրցաւ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ ակումբի մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյին հետ: