Այսօր` երեքշաբթի, 29 մարտին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ Պէյրութի 70-ականներու, 80-ականներու եւ 90-ականներու սկիզբի վերթերան ֆութպոլիստները կը մրցին Նըժմէի անցեալի ֆութպոլիստներուն դէմ:
Այս յիշատակելի մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 20:00-ին: