«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտեր Զեֆերին իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ նշեց, որ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն, եւրոպական սուփըր-ակումբներու լիկա ստեղծելու հարց գոյութիւն չունի:
«Այնքան ատեն որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահն եմ, եւրոպական «սուփըր-լիկա» պիտի չստեղծուի: Գոյութիւն ունի «Չեմփիընզ լիկ», որ արդէն իսկ բաւարար է:
Յայտնենք, որ եւրոպական «սուփըր լիկա»-ի ստեղծումին մասին յայտարարած էր Պայէրն Միւնիխի նախագահ Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ, որ եւրոպական ակումբներու միութեան նախագահն է: