Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 26 մարտին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ղազախստանի կազմը:
Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստան ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած 3 պարտութիւն:
Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի կազմին խմբակը բաւական զօրաւոր է, անոր մէջ են Լեհաստան, Դանիա եւ Ռումանիա:
Բայց եւ այնպէս, ֆութպոլի աշխարհին մէջ անկարելի ոչինչ կայ, եւ վաղուան մրցումէն բացի Հայաստան հինգ մրցում եւս ունի կատարելիք: Անիկա յաջորդական յաղթանակներու շնորհիւ կրնայ եւ յոյս ունի Ռուսիոյ տոմսը ապահովել:
Այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Մակեդոնիայէն:
Հայաստանի մարզիկները ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն արձանագրելու համար իրենց երկրորդ յաղթանակը:
Խումբը երէկ եւս յաւելեալ փորձեր կատարեց` լաւապէս պատրաստ ըլլալու համար վաղուան այս մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով: