Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, երէկ` հինգշաբթի, բարեսիրական այցելութիւն մը տուաւ փրոֆեսէօր Ռ. Օ. Եոլեանի անուան արիւնաբանական կեդրոն:
Ան տեսակցեցաւ տարբեր տեսակի հիւանդութիւններով տառապող բոլոր երեխաներուն հետ, այցելեց իւրաքանչիւրին սենեակը, լուսանկարուեցաւ անոնց հետ, ֆութպոլի գնդակներ, մարզական շապիկներ եւ իր ստորագրութիւնը կրող լուսանկարներ նուիրեց անոնց:
Երեխաները Մխիթարեանին նուիրեցին իրենց պատրաստած պաստառը եւ անոր երգեցին իրենց կողմէ պատրաստուած երգ մը:
28 տարեկան Մխիթարեան յոյս յայտնեց, որ այս այցելութիւնը իր դրական անդրադարձը կ՛ունենայ երեխաներուն հոգեբանական վիճակին բարելաւման եւ ապաքինման մէջ:
Այս նախաձեռնութեան ներկայ եղաւ նաեւ Հայաստանի առաջին տիկինը` Ռիթա Սարգսեան: Լուրը հրապարակեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
 
			



