Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր` երեքշաբթի, 29 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին կը սկսի Ասիոյ ֆութպոլի 2019-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի իր մրցումներուն, երբ Քամիլ Շամունի անուան մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հոնկ Քոնկը:
Լիբանանի խումբը իր մարզիչին` Միոտրակ Ռատոլովիչի (Մոնթենեկրօ) հետ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր կը պատրաստուի այս մրցումին, որպէսզի կարենայ լաւ եւ տպաւորիչ ձեւով սկսիլ իր ելոյթներուն:
Մարզիչը ըսաւ, որ իրեն համար կարեւոր չէ, թէ Հոնկ Քոնկ բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 4-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Յորդանանէն:
Ան ըսաւ, որ իր մարզիկները շատ լաւ պատրաստուած են այս մրցումին եւ կրնան յաղթանակ մը արձանագրել Հոնկ Քոնկի դէմ:
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի խումբը դաշտ պիտի ներկայանայ ամբողջութեամբ կարմիր տարազով (բերդապահը` կանաչ), մինչ Հոնկ Քոնկ` ճերմակ տարազով (բերդապահը` կապոյտ):
Լիբանանի ազգային խումբին համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: