Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 26 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի կազմը կը մրցի Նեպի Շիթի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նեպի Շիթի դաշտին վրայ, պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի նման Նեպի Շիթ եւս արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի իրենց կատարած առաջին մրցումին նման լաւ խաղարկութիւն մը ունենալով յաղթանակ արձանագրել:
Նշենք, որ այս խմբակին (Բ.) պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Շեպիպեթ Մազրաա, որ արձանագրած է 4 յաղթանակ: