Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 3 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ իր կազմին կրած պարտութենէն ետք (Սպանիոյ բաժակի մրցաշարք) օրուան իրաւարարը քննադատեց, կը յայտնէ «Մարքա»:
Մրցումը տեղի ունեցած էր 5 յունուարին, բայց եւ այնպէս, ֆետերասիոնին որոշումը նոր տրուեցաւ:
Խօսելով իրաւարար Ֆեռնանտես Պորպալանի մասին` Փիքէ ըսած էր. «Այսպիսի իրաւարարներ ֆութպոլի մրցումը կը վերածեն վիճակախաղի»: