Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 26 մարտին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ֆըրզոլի խումբը:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: