Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը «Վիա Վենիւ» ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս) յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին կատարեց 2016 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ մեծ թիւով հրաւիրեալներու, մարզիկներու եւ մարզական լրագրողներու:
Այս հանդիսութեան ներկայ էին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչ Նաժի Համմուտ, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ այս հանդիսութեան հովանաւորը), միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամները:
Շնորհաւորելով բոլոր մրցանակակիրները` Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան յոյս յայտնեց, որ նախորդ տարուան նման բոլոր մարզիկները միշտ իրենց յաջողութիւնները եւ փայլուն արդիւնքները շարունակեն տեղական թէ միջազգային գետնի վրայ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում, միեւնոյն ժամանակ ալ տօնելով Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին հիմնադրութեան 65-ամեակը: