Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումները Ա. խմբակին մէջ աւարտեցան երէկ գիշեր, երբ տեղի ունեցան դարձի վերջին մրցումները:
ՀՄԸՄ, որ Ժիպէյլի մէջ հիւրը եղաւ Պիպլոսի, արձանագրեց իր 16-րդ յաղթանակը, իսկ տարեշրջանի 23-րդը, երբ 73-65 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ժիպէյլեան խումբը (19-29, 13-9, 16-18 եւ 17-17):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն` 26, ներառեալ` 5 թրի փոյնթ: Իր կարգին բացառիկ ելոյթ ունեցաւ Քեւին Կալոուէյ (15 կէտ, 11 ռիպաունտ, 7 էսիսթ): Նետիմ Սուէյտ իր 9 կէտը նշանակեց 3 թրի փոյնթով: Իսկ Աթեր Մաճոք նշանակեց 8 կէտ եւ ձեռք ձգեց 13 ռիպաունտ:
Իսկ Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քլէյ Թաքըր` 16 կէտ, ներառեալ` 4 թրի փոյնթ:
Նոյն խմբակին մէջ, իրենց կարգին Սաժես եւ Լուէյզի կատարեցին իրենց վերջին մրցումները` Ղազիրի մէջ:
Երկարաձգումէն ետք, Սաժես, 88-81 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց (20-14, 38-29, 61-48 եւ 73-73):
Հակառակ անոր որ մրցումին տեւողութեան Լուէյզի 15 կէտով ուշացած էր (45-30), բայց յաջողեցաւ չորրորդ քորթըրը աւարտել հաւասարութեամբ:
Սաժեսէն Մայք Էֆիպրա նշանակեց 29 կէտ (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ), մինչ անոր խմբակից Քելվին Կատֆրէյ` 27 կէտ:
Լուէյզիէն Ուենտըլ Լուիս նշանակեց 24 կէտ, մինչ Էլի Սթեֆան` 22 (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ):
Սաժեսի նման, Լուէյզի եւս մրցեցաւ 2 օտարականով (առանց` Ճերոն Ճոնսընի):