Չինաստանի մէջ տեղի ունեցող փինկ փոնկի Ասիոյ 23-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը հանդիսացաւ 17-րդ, մինչ տղաքը գրաւեցին 26-րդ դիրքը:
Նշենք, որ երկու խումբերն ալ յաջողեցան անցնիլ Բ. հանգրուան, սակայն աւելի առաջ չկրցան երթալ:
Ախոյեանութիւնը ցարդ կը շարունակուի եւ լիբանանցի մարզիկները պիտի սկսին անհատական իրենց մրցումներուն:
Նշենք, որ ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 121 տղաք եւ 111 աղջիկներ: