«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Ռէալ Մատրիտ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց իր դաշտէն դուրս, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պայէրն Միւնիխը:
Թէեւ Արթուրօ Վիտալ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը (25-րդ), սակայն Ռէալ Մատրիտ պատասխանեց 2 անգամ` շնորհիւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի (47-րդ եւ 77-րդ):
Մրցումին ներկայ էր 70 հազար հանդիսատես:
Նշենք սակայն, որ նոյնինքն Վիտալ 45-րդ վայրկեանին փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել, մինչ անոր խմբակից Խաւիէ Մարթինես 61-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Անթուան Կրիզմանի նշանակած կոլին (28-րդ) շնորհիւ, Աթլեթիքօ Մատրիտ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Լայսթըր Սիթիին:
Իսկ Պորուսիա Տորթմունտ Մոնաքօ յետաձգուած մրցումը աւարտեցաւ իշխանապետական կազմին` Մոնաքոյի յաղթանակով, 3-2 արդիւնքով:
Այս մրցումին ներկայ էր շուրջ 66 հազար հանդիսատես: